Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 16 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Հիլալ Նասըրի դէմ:
Կիսաւարտականի այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ի վիճակի են յաղթահարելու այս արգելքն ալ եւ կրնան ապահովել աւարտականի իրենց տոմսը, եթէ լաւապէս գործադրեն իրենց մարզիչին` Յակոբ Կիւլիւմեանի ցուցմունքները:


