Լիվըրփուլին մաս կազմող եգիպտացի միջազգային յառաջապահ Մոհամետ Սալահ նախանցեալ օր Ռէյնճըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (7-1) «Չեմփիընզ Լիկ»-ի երեք մրցանիշ հաստատեց:
Նախ ան այս մրցաշարքին գծով ամէնէն արագ հեթրիքը իրագործեց` իր կոլերը նշանակելով 43-րդ, 44-րդ եւ 45-րդ վայրկեաններուն:
Ատկէ բացի, ան գերազանցեց Տիտիէ Տրոկպայի մրցանիշը (44), այսպիսով դառնալով ամէնէն արդիւնաւէտ ափրիկեցի ֆութպոլիստը:
Վերջապէս, ան այս մրցաշարքին գծով գերազանցեց (38 կոլով) Տիտիէ Տրոկպան եւ Սերճիօ Ակուերոն, որոնք անգլիական ակումբներու հետ նշանակած են 36-ական կոլ:


