«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ Պարսելոնա կրնայ վնասել 20 միլիոն եւրօ, եթէ պատահի, որ չկարենայ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Վերոնշեալ մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ, Պարսելոնա այժմ 4 կէտով միայն կը գրաւէ Գ. խմբակին երրորդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ է Պայէրն Միւնիխ, որ ապահոված է առաւելագոյն 12 կէտը, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ է Ինթեր Միլան` 7 կէտով: Վերջին դիրքին վրայ է Վիքթորիա Փլզեն` առանց որեւէ կէտի:
Պարսելոնայի տնօրէններու խորհուրդը այս տարուան համար ներկայացուց 1,26 միլիառ ամերիկեան տոլարի պիւտճէ մը, որ ըստ նախնական հաշիւներու ենթադրել կու տայ, որ Պարսելոնա ո՛չ միայն կրնայ ապահովել փլէյ օֆի իր տոմսը, այլեւ հասնիլ մինչեւ քառորդ աւարտական:
Եթէ Պարսելոնա չկրնայ հասնիլ յաջորդ հանգրուան, ակումբը ո՛չ միայն պիտի վնասէ 20 միլիոն եւրօ, այլեւ ստիպուած պիտի ըլլայ ծախել իր կարգ մը ֆութպոլիստները:


