Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին գլխաւոր մարզիչ Լորան Պլան նշանակուեցաւ Լիոնի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այսպիսով, 56 տարեկան Պլան փոխարինեց 58 տարեկան նետերլանտցի Փիթըր Պոսցին, որ իր կազմին հետ վերջին հինգ մրցումներուն ընթացքին կրցաւ ապահովել միայն կէտ մը:
Պլանի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լիոն 14 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:


