Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, ցարդ հինգ խումբեր ապահոված են յաջորդ հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Այդ հինգ խումբերն են` Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ, Պայէրն Միւնիխ, Նափոլի եւ Ֆ. Ք. Պրիւժ:
Նշենք, որ այս վերջինը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի այս հանգրուանին:


