Մարզական

Բազկամարտ. Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Հայ Բազկամարտիկները  11 Մետալի Տիրացան Անթալիոյ Մէջ

Բազկամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայ Բազկամարտիկները 11 Մետալի Տիրացան Անթալիոյ Մէջ

Անթալիա քաղաքին մէջ 14-23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած աշխարհի բազկամարտի ախոյեանութեան հայ բազկամարտիկները տիրացան 11 մետալի: Հայաստանի ներկայացուցիչները արժանացան 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի: 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Վահրամ Խուբլարեան (50 քկ) տիրացաւ ոսկի մետալին (ձախ ձեռքով): 15 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքով յաղթական հռչակուեցաւ Գեղամ Խաչատրեան (70 քկ եւ վեր): Իսկ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Բարձրագոյն Եւ Ա. Դասակարգի Աղջկանց  Ախոյեանութեան Մրցումները Սկսան

Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Եւ Ա. Դասակարգի Աղջկանց Ախոյեանութեան Մրցումները Սկսան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումները սկսան: Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն չորս խումբեր: Բ. հանգրուանի մրցումներէն ետք յառաջատարն է Հայասան, որ ցարդ ապահոված է 6 կէտ: Լեռնային Արցախ (2 մրցում), Ուրարտու եւ Արարատ-Արմենիա (3-ական մրցում) ունին 3-ական կէտ: Նշենք, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լուքա Տոնքիչ Կրկնեց Մայքըլ  Ճորտընի Նուաճումը

«Էն. Պի. Էյ.» Լուքա Տոնքիչ Կրկնեց Մայքըլ Ճորտընի Նուաճումը

Ամերիկեան Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող սլովենիացի Լուքա Տոնքիչ կրկնեց ամերիկացի անցեալի անուանի խաղացող Մայքըլ Ճորտընի նուաճումը (1986-ին): 23 տարեկան Տոնքիչ յաջողեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան առաջին վեց մրցումներուն ընթացքին նշանակել նուազագոյնը 30 կէտ: Օրլանտօ Մեճիքի դէմ կատարուած մրցումին, որ վերջ գտաւ Մավըրիքսի յաղթանակով (114-105), ան նշանակեց 44 կէտ: Նախորդ հինգ մրցումներուն ան նշանակած էր յաջորդաբար 35,...

Փիքէ Կը Վերադառնայ Սպանիոյ  Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Փիքէ Կը Վերադառնայ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ կը վերադառնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ, յայտնեց Սպանիոյ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող մարզաթերթերէն «Մարքա»-ն: Սպանիոյ մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր ընդլայնուած կազմին մէջ առաւ Փիքէն, որ այսպիսով պիտի կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին: Ընդլայնուած ցանկին 55 ֆութպոլիստներէն 26-ը միայն պիտի ըլլան Քաթար մեկնողները: Նշենք, որ 35 տարեկան Փիքէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Սպանիոյ 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը` Աշխարհի Ախոյեան

Աղջկանց Ֆութպոլ. Սպանիոյ 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը` Աշխարհի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց 17 տարեկանէն վար աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Սպանիա եւ Քոլոմպիա: Մրցումը վերջ գտաւ Սպանիոյ յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Հանդիպման միակ կոլը 82-րդ վայրկեանին նշանակեց քոլոմպիացի միջնապահ Աննա Կուզման` սխալմամբ իր բերդին մէջ: Նախքան աւարտականի իր տոմսը ապահովելը, Սպանիա յաղթանակներ արձանագրեց Ճափոնի (2-1) եւ Գերմանիոյ դէմ (1-0), մինչ Քոլոմպիա` Թանզանիոյ...

Շուէտի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայեքեն Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ախոյեան

Շուէտի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայեքեն Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ախոյեան

Շուէտի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Հայեքեն, 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Կոթեպորկը, ժամանակէն առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Հայեքեն, որ ցարդ կրցած է ապահովել 63 կէտ, 9 կէտի բաւական մեծ առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Տիուրկարտենի վրայ, որ տիտղոսին տիրանալու յոյս չունի: Այսպիսով, ֆութպոլի իր 82 տարուան պատմութեան մէջ (հիմնուած` 1940-ին) առաջին անգամ...

Փոլ Փոկպա Նոր Վնասուածք Ստացաւ

Փոլ Փոկպա Նոր Վնասուածք Ստացաւ

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ իտալական Եուվենթուսի մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա դարձեալ վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց իտալական անուանի մարզաթերթերէն «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը: Փոկպա, որ նախորդ յուլիսին ապաքինած էր իր ստացած վնասուածքէն եւ սկսած իր փորձերուն` իտալական կազմին հետ, այժմ դարձեալ մկանային վնասուածք ստանալով նուազագոյնը 10 օր պիտի չմարզուի: Ասիկա կը նշանակէ, որ անոր մասնակցութիւնը` Քաթարի...

Քարլօ Անչելոթթի Կրնայ 2-4  Մրցումով Կախակայուիլ

Քարլօ Անչելոթթի Կրնայ 2-4 Մրցումով Կախակայուիլ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի շատ հաւանաբար իր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով 2-4 մրցումով կախակայուի, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Իտալացի մասնագէտը քաթալոնական Ժիրոնայի դէմ («Լա Լիկա», 12-րդ հանգրուան) տեղի ունեցած մրցումէն ետք (1-1), քննադատած էր իրաւարարին որոշումը` ըսելով, որ ան պէտք չէր  փենալթի շնորհէր մրցակից կազմին:  

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր Քափ».  Ահլի Հալէպ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 89-80

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր Քափ». Ահլի Հալէպ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 89-80

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Սուրիոյ մէջ սկսաւ սուրիական «Սուփըր Քափ» պասքեթպոլի միջազգային երկրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի: Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիտըրզի տղոց պասքեթպոլի խումբերը: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր, երկրորդին եւս պարտութիւն մը կրեց Ահլի Հալէպէն` 89-80 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-էն 22 կէտ նշանակեց Ճեսի...

«Ֆիշըր»-ի Ճատրակ.  Հիքարու Նաքամուրա` Աշխարհի Ախոյեան

«Ֆիշըր»-ի Ճատրակ. Հիքարու Նաքամուրա` Աշխարհի Ախոյեան

Ամերիկացի կրանտմասթըր Հիքարու Նաքամուրա նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «Ֆիշըր»-ի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին: Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան աւարտականին, Նաքամուրա 5 հանգրուանի մրցումներուն 3-2 արդիւնքով (2 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն) պարտութեան մատնելով Եան Նեփոմնիաչին (Ռուսիա), հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Պրոնզէ մետալին տիրացաւ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ 4 հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին 3-1 արդիւնքով (3 յաղթանակ եւ պարտութիւն մը) պարտութեան մատնեց Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ...

«Ֆորմիւլա-1».  Վերսթափեն Գերազանցեց Շումախըրի  Եւ Վեթթելի Մրցանիշը

«Ֆորմիւլա-1». Վերսթափեն Գերազանցեց Շումախըրի Եւ Վեթթելի Մրցանիշը

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Մաքս Վերսթափեն նախորդ շաբաթավերջին, Մեքսիքայի կրան փրիին արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզի 34-րդ յաղթանակը: Վերսթափեն, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը ապահոված էր բաւական առաջ, այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը: «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի 25 տարեկան վարորդը, այսպիսով տարեշրջանի մը ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ գերազանցեց գերմանացիներ` Միքայէլ Շումախըրի եւ Սեպասթիան Վեթթելի մրցանիշը: Շումախըր 2004-ին տարեշրջանի մը...

«Քալչիօ».  Ա. Սէ. Միլան Պարտուեցաւ,  Ինթեր Միլան Յաղթեց

«Քալչիօ». Ա. Սէ. Միլան Պարտուեցաւ, Ինթեր Միլան Յաղթեց

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, որ ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Թորինոյին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին նշանակեց իր երկու կոլերը (35-րդ եւ 37-րդ), մինչ միլանեան կազմը իր կոլը նշանակեց 67-րդ վայրկեանին: Այս պարտութենէն ետք, այժմ իտալացի Սթեֆանօ Փիոլիի գլխաւորած կազմը 26 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը`...

Սպանական Ֆութպոլ.  Թոնի Քրուս Առաջին Անգամ Ըլլալով Կարմիր Քարտ  Ստացաւ` Եւրոպական Առաջնակարգ  Հինգ Ախոյեանութիւններուն Մէջ

Սպանական Ֆութպոլ. Թոնի Քրուս Առաջին Անգամ Ըլլալով Կարմիր Քարտ Ստացաւ` Եւրոպական Առաջնակարգ Հինգ Ախոյեանութիւններուն Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը եւ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Ժիրոնան կորսնցուց երկու կէտ, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Վինիսիուս Ժունիոր նշանակեց Ռէալի կոլը (70-րդ), իսկ Քրիսթիան Սթուանի` հիւր կազմին հաւասարութեան կոլը (80-րդ): Նշենք, որ վերջինս դաշտ ներկայացաւ մրցումին 76-րդ վայրկեանին: Մրցումին կորսուած վայրկեանին (90+1-րդ),...

«Պունտըսլիկա».  Իւնիոն Պերլին Արձանագրեց Դժուար,  Բայց Կարեւոր Յաղթանակ Մը

«Պունտըսլիկա». Իւնիոն Պերլին Արձանագրեց Դժուար, Բայց Կարեւոր Յաղթանակ Մը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իւնիոն Պերլին, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պորուսիա Մէօնշըլատպախը, արձանագրեց քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով: Հիւր կազմը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` 33-րդ վայրկեանին, մինչ պերլինեան կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին: Կը կարծուէր, որ մրցումը պիտի աւարտի 1-1 արդիւնքով, սակայն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս-Անդրանիկ Պէյրութ` 82-86

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս-Անդրանիկ Պէյրութ` 82-86

Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Լուպնան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 30 հոկտեմբերին Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) տեղի ունեցաւ Պիպլոս-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին` Անդրանիկի յաղթանակով, 86-82 արդիւնքով յաղթանակով (32-20, 18-19, 19-15 եւ 13-22): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պիպլոսէն Ամիր Ճեքսըն (26 կէտ), իսկ Անդրանիկէն ամէնէն...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Կազմը Տիրացաւ 9 Մետալի

Կռփամարտ. Հայաստանի Կազմը Տիրացաւ 9 Մետալի

Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած «Արծաթէ գօտի» կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի կազմը տիրացաւ 9 մետալի: Եւրոպայի կռփամարտի փոխախոյեաններ Արթուր Բազէեան (57 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (86 քկ) հանդիսացան ախոյեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արծաթէ մետալի տիրացան Արթուր Ղազարեան (60 քկ) եւ Նարեկ Յովհաննիսեան (63,5 քկ), մինչ պրոնզէ մետալակիր դարձան Բարեղամ Յարութիւնեան (51 քկ), Ջանիկ...

2022-ի Մոնտիալ.  Իտալիա Շատ Հաւանաբար  Փոխարինէ Թունուզը

2022-ի Մոնտիալ. Իտալիա Շատ Հաւանաբար Փոխարինէ Թունուզը

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան Իտալիա շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ 2022-ի Մոնտիալին` փոխարինելով Թունուզը, եթէ պատահի, որ ՖԻՖԱ-ն մրցաշարքէն հեռացնէ ափրիկեան խումբը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն»-ը: Նշուեցաւ, որ ասոր պատճառը Թունուզի կառավարութեան միջամուխ ըլլալն է երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործերուն: Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, Թունուզի մարմնակրթութեան նախարարութիւնը մտադիր է լուծարել երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Իտալիա շատ հաւանաբար ըլլայ Թունուզը փոխարինողը` նկատի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան  Մատնեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալ, հիւրընկալեց դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Նոթինկհամ ֆորեսթը: Լոնտոնեան կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը` 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով իր հիւրը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Ռիս Նելսըն (49-րդ եւ 52-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Արսենալ, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 31...

Ֆլամենկօ Երրորդ Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Լիպերթատորեսի Բաժակակիր

Ֆլամենկօ Երրորդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Լիպերթատորեսի Բաժակակիր

Ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով, Ֆլամենկօ հանդիսացաւ Լիպերթատորես ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսակիր` աւարտական մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթելով Աթլեթիքօ Փարանայենսէին, զուտ պրազիլական մրցումի ընթացքին: Ֆլամենկօ, որ նախապէս տիտղոսակիր հանդիսացած էր 1981-ին եւ 2019-ին, այս մրցումին Կապրիել Պարպոսայի նշանակած կոլին շնորհիւ (45+4-րդ) յաղթեց իր մրցակիցին: Այստեղ նշենք, որ մրցումին 44-րդ վայրկեանին Փարանայենսէի մէկ ֆութպոլիստը կարմիր քարտ մը ստացաւ: Նշենք, որ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեց  Պարագլուխի Իր Դիրքը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք, 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Թրուան: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քարլոս Սոլեր (24-րդ), Լիոնել Մեսսի (55-րդ), Նէյմար (62-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (77-րդ` փենալթիով): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը, որ ունեցաւ 35 կէտ, այժմ 5 կէտով...

Page 352 of 1280 1 … 351 352 353 … 1,280

Արխիւներ