Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը եւ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Ժիրոնան կորսնցուց երկու կէտ, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Վինիսիուս Ժունիոր նշանակեց Ռէալի կոլը (70-րդ), իսկ Քրիսթիան Սթուանի` հիւր կազմին հաւասարութեան կոլը (80-րդ):
Նշենք, որ վերջինս դաշտ ներկայացաւ մրցումին 76-րդ վայրկեանին:
Մրցումին կորսուած վայրկեանին (90+1-րդ), հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն Թոնի Քրուս ստացաւ կարմիր քարտ մը:
Այս կարմիր քարտը գերմանացիին համար հանդիսացաւ առաջինը` եւրոպական առաջնակարգ հինգ ախոյեանութիւններուն մէջ:
Ան ընդամէնը կատարած է 426 մրցում. 253-ը Ռէալ Մատրիտի հետ «Լա Լիկա»-ին մէջ, իսկ 173-ը` «Պունտըսլիկա»-ին մէջ:
Թէեւ Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ մնալ ցարդ անպարտելի միակ կազմը, սակայն անոր արձանագրած այս հաւասարութենէն մեծագոյն օգտուողը հանդիսացաւ անոր անմիջական մրցակիցը եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել կէտի մը միայն` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Վալենսիայի դաշտէն:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց Պարսայի եւ մրցումին միակ կոլը:
Ռէալ Մատրիտ այժմ ունի 32 կէտ, իսկ Պարսելոնա` 31 կէտ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ հիւրն էր Քատիսին, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմը իր երրորդ կոլը նշանակեց… 90+9-րդ վայրկեանին:
Աթլեթիքօ Մատրիտ այժմ 23 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Վերջին դիրքին վրայ գտնուող Էլչէ, որ ցարդ միակ խումբն ըլլալով յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել, այսօր կը հիւրընկալէ Կեթաֆէն: