Անթալիա քաղաքին մէջ 14-23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած աշխարհի բազկամարտի ախոյեանութեան հայ բազկամարտիկները տիրացան 11 մետալի:
Հայաստանի ներկայացուցիչները արժանացան 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի:
18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Վահրամ Խուբլարեան (50 քկ) տիրացաւ ոսկի մետալին (ձախ ձեռքով):
15 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքով յաղթական հռչակուեցաւ Գեղամ Խաչատրեան (70 քկ եւ վեր):
Իսկ Հայաստանի հաւաքականին համար յաւելեալ ոսկի մետալ մը ապահովեց վեթերան Դաւիթ Ներսիսեան (ձախ ձեռքով)` 80 քկ դասակարգին մէջ:
Փոխախոյեանի կոչումին արժանացան Վաչագան Յովհաննիսեան եւ Ջանիբեկ Ղազարեան:
Վերջապէս, պրոնզէ մետալներու տիրացան Արման Մրտէեան (աջ եւ ձախ ձեռքով), Արման Փիրոյեան եւ Դաւիթ Ստեփանեան (աջ եւ ձախ ձեռքով):
Աշխարհի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 54 երկիրներու ներկայացուցիչներ: