Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք, 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Թրուան:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քարլոս Սոլեր (24-րդ), Լիոնել Մեսսի (55-րդ), Նէյմար (62-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (77-րդ` փենալթիով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը, որ ունեցաւ 35 կէտ, այժմ 5 կէտով կը գերազանցէ Լանսը, որ այս հանգրուանին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Թուլուզին:
Տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսած, ապա հետզհետէ նահանջելու սկսած Մարսէյ, որ այս հանգրուանին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սթրազպուրկի դաշտին վրայ, այժմ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:


