«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Մաքս Վերսթափեն նախորդ շաբաթավերջին, Մեքսիքայի կրան փրիին արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզի 34-րդ յաղթանակը:
Վերսթափեն, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը ապահոված էր բաւական առաջ, այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը:
«Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի 25 տարեկան վարորդը, այսպիսով տարեշրջանի մը ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ գերազանցեց գերմանացիներ` Միքայէլ Շումախըրի եւ Սեպասթիան Վեթթելի մրցանիշը:
Շումախըր 2004-ին տարեշրջանի մը ընթացքին արձանագրած էր 13 յաղթանակ, իսկ Վեթթել` 2013-ին: