Ամերիկեան Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող սլովենիացի Լուքա Տոնքիչ կրկնեց ամերիկացի անցեալի անուանի խաղացող Մայքըլ Ճորտընի նուաճումը (1986-ին):
23 տարեկան Տոնքիչ յաջողեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան առաջին վեց մրցումներուն ընթացքին նշանակել նուազագոյնը 30 կէտ:
Օրլանտօ Մեճիքի դէմ կատարուած մրցումին, որ վերջ գտաւ Մավըրիքսի յաղթանակով (114-105), ան նշանակեց 44 կէտ:
Նախորդ հինգ մրցումներուն ան նշանակած էր յաջորդաբար 35, 32, 37, 41 եւ 31 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ իր կատարած վեց մրցումներուն Մավըրիքս (արեւմտեան շրջան) արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ կրած նոյնքան պարտութիւն:
Այլ գետնի վրայ, յաջորդական հինգ պարտութենէ ետք, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, ի վերջոյ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 121-110 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Տենվըր Նակեթցը:
Յաղթական կազմէն 37 տարեկան փորձառու մարզիկ Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 28 կէտ, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 1135-րդ մրցումն ըլլալով նշանակեց 20 եւ աւելի կէտ: