Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ կը վերադառնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ, յայտնեց Սպանիոյ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող մարզաթերթերէն «Մարքա»-ն:
Սպանիոյ մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր ընդլայնուած կազմին մէջ առաւ Փիքէն, որ այսպիսով պիտի կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին:
Ընդլայնուած ցանկին 55 ֆութպոլիստներէն 26-ը միայն պիտի ըլլան Քաթար մեկնողները:
Նշենք, որ 35 տարեկան Փիքէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի Մոնտիալէն ետք յայտարարած էր, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը:
Այս տարեշրջանին Փիքէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն հազուադէպօրէն մաս կը կազմէ Պարսելոնայի հիմնական կազմին (8 մրցում միայն):
2022-ի Մոնտիալին Սպանիա, որ մաս կը կազմէ Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ` Ճափոնը, Քոսթա Ռիքան եւ Գերմանիան: