Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Լուպնան
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 30 հոկտեմբերին Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) տեղի ունեցաւ Պիպլոս-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին` Անդրանիկի յաղթանակով, 86-82 արդիւնքով յաղթանակով (32-20, 18-19, 19-15 եւ 13-22):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պիպլոսէն Ամիր Ճեքսըն (26 կէտ), իսկ Անդրանիկէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժոէլ Ապտալլա (23 կէտ):
Մինչ Անդրանիկ Պէյրութ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` երեք պարտութեան կողքին, անդին Պիպլոս կրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ պարտութիւնը:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ, Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Տինամօ Լուպնանը:
Հիւրընկալ կազմը ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է, մինչ Տինամօ Լուպնան ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:


