Ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով, Ֆլամենկօ հանդիսացաւ Լիպերթատորես ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսակիր` աւարտական մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթելով Աթլեթիքօ Փարանայենսէին, զուտ պրազիլական մրցումի ընթացքին:
Ֆլամենկօ, որ նախապէս տիտղոսակիր հանդիսացած էր 1981-ին եւ 2019-ին, այս մրցումին Կապրիել Պարպոսայի նշանակած կոլին շնորհիւ (45+4-րդ) յաղթեց իր մրցակիցին:
Այստեղ նշենք, որ մրցումին 44-րդ վայրկեանին Փարանայենսէի մէկ ֆութպոլիստը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ Աթլեթիքօ Փարանայենսէ երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցի հարաւային ամերիկեան ակումբներու այս մրցաշարքի աւարտականին, առաջինին եւս պարտութիւն մը կրելով Սան Փաուլոյէն (2005-ին):


