Ամերիկացի կրանտմասթըր Հիքարու Նաքամուրա նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «Ֆիշըր»-ի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին:
Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան աւարտականին, Նաքամուրա 5 հանգրուանի մրցումներուն 3-2 արդիւնքով (2 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն) պարտութեան մատնելով Եան Նեփոմնիաչին (Ռուսիա), հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Պրոնզէ մետալին տիրացաւ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ 4 հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին 3-1 արդիւնքով (3 յաղթանակ եւ պարտութիւն մը) պարտութեան մատնեց Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Նոտիրպեկ Ապտուսաթորովը:
Ախոյեանութեան մրցանակային հիմնադրամը 400 հազար ամերիկեան տոլար էր:
Տիտղոսակիրը այդ գումարէն ստացաւ` 150 հազար ամերիկեան տոլար: