Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումները սկսան:
Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն չորս խումբեր:
Բ. հանգրուանի մրցումներէն ետք յառաջատարն է Հայասան, որ ցարդ ապահոված է 6 կէտ:
Լեռնային Արցախ (2 մրցում), Ուրարտու եւ Արարատ-Արմենիա (3-ական մրցում) ունին 3-ական կէտ:
Նշենք, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վեց խումբեր: