Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, որ ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Թորինոյին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին նշանակեց իր երկու կոլերը (35-րդ եւ 37-րդ), մինչ միլանեան կազմը իր կոլը նշանակեց 67-րդ վայրկեանին:
Այս պարտութենէն ետք, այժմ իտալացի Սթեֆանօ Փիոլիի գլխաւորած կազմը 26 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը` վեց կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիէն եւ կէտով մը` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթալանթայէն:
Այս հանգրուանին Նափոլի 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սասուոլոյին, իսկ Աթալանթա` Էմփոլիին (2-0):
Միլանեան քաղաքի երկրորդ խումբը` փոխախոյեան Ինթեր Միլան, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր հիւրին` Սամտորիայի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան Ինթերի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Ինթեր Միլան այժմ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: