Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի շատ հաւանաբար իր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով 2-4 մրցումով կախակայուի, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Իտալացի մասնագէտը քաթալոնական Ժիրոնայի դէմ («Լա Լիկա», 12-րդ հանգրուան) տեղի ունեցած մրցումէն ետք (1-1), քննադատած էր իրաւարարին որոշումը` ըսելով, որ ան պէտք չէր փենալթի շնորհէր մրցակից կազմին: