Շուէտի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Հայեքեն, 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Կոթեպորկը, ժամանակէն առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Հայեքեն, որ ցարդ կրցած է ապահովել 63 կէտ, 9 կէտի բաւական մեծ առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Տիուրկարտենի վրայ, որ տիտղոսին տիրանալու յոյս չունի:
Այսպիսով, ֆութպոլի իր 82 տարուան պատմութեան մէջ (հիմնուած` 1940-ին) առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայեքեն կը հանդիսանայ երկրի ախոյեան:
Անիկա իր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած էր 2012-ին` հանդիսանալով փոխախոյեան: