Մարզական

Պասքեթպոլ.  Ճէյմս Հարտեն Մէկ Ամիսով Բացակայ

Պասքեթպոլ. Ճէյմս Հարտեն Մէկ Ամիսով Բացակայ

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերէն Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի խաղացող Ճէյմս Հարտեն ոտքի վնասուածքի պատճառով մէկ ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը: 33 տարեկան Հարտեն վիրաւորուեցաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մրցումի` միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին նշանակելով 22 կէտ, 10 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ: Նշենք, որ...

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գործէ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Գրասենեակ

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գործէ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Գրասենեակ

Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտի համահայկական ֆետերասիոնի նախագահ Գառնիկ Յարութիւնեան Մեքսիքայի մէջ համագործակցութեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի (Կռփամարտի համաշխարհային խորհուրդ) նախագահ Մաուրիցիօ Սիւլէյմանի հետ: Վերոնշեալ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ շուտով Հայաստանի մէջ պիտի գործէ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի գրասենեակ: Հայաստանի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի պատուիրակութիւնը 6-11 նոյեմբերին պիտի մասնակցի կազմակերպութեան 60-րդ համագումարին, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի Հայաստանը` իբրեւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ....

Աւելի Քան 500 Հազար Անձ Կրնայ Անվճար Հետեւիլ «Փարիզ-2024»-ի Բացման Հանդիսութեան

Աւելի Քան 500 Հազար Անձ Կրնայ Անվճար Հետեւիլ «Փարիզ-2024»-ի Բացման Հանդիսութեան

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աւելի քան 600 հազար անձ կրնայ ներկայ գտնուիլ 2024-ին Փարիզի` Սեն գետի ափին նախատեսուած ամառնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Վճարովի պիտի ըլլան միայն Սեն գետի ափի վարի բաժինի նստարանները, որոնք հարիւր հազար են, մինչ գետի վերի բաժինի նստարանները անվճար պիտի ըլլան: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէ յայտնեց, որ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը Ապահովող Բոլոր` 16 Խումբերը Յստակացան

«Չեմփիընզ Լիկ». 1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը Ապահովող Բոլոր` 16 Խումբերը Յստակացան

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը չորեքշաբթի, 2 նոյեմբերին հասաւ իր աւարտին, եւ արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան բոլոր այն 16 խումբերը, որոնք յաջողեցան ապահովել յաջորդ` 1-16-րդ  հանգրուանի իրենց տոմսերը: Վերջին երկու տոմսերը ապահովեցին գերմանական Լայփցիկն ու իտալական Ա. Սէ. Միլանը: Ա. Սէ. Միլանի արձանագրած յաղթանակին մէջ (աւստրիական Սալզպուրկի դէմ, 4-0) իր կարեւոր դերը ունեցաւ ֆրանսացի Օլիվիէ...

Պարսելոնա Կը Դիտարկէ Միկել Արթեթան Հրաւիրելու Տարբերակը

Պարսելոնա Կը Դիտարկէ Միկել Արթեթան Հրաւիրելու Տարբերակը

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա կը դիտարկէ ապագային գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար լոնտոնեան Արսենալի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթան նշանակելու տարբերակը, այս մասին կը յայտնէ սպանական մարզական մամուլը: Արթեթա, որ Պարսելոնա ակումբի սան է, երկար ժամանակ աշխատած է Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի հետ` Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Ան ծանօթ է քաթալոնական ակումբի արժէքներուն եւ խումբին կիրարկած խաղաոճին: 40 տարեկան Արթեթա...

Պայէրն Միւնիխ` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքի Բացարձակ Մրցանշակիր

Պայէրն Միւնիխ` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքի Բացարձակ Մրցանշակիր

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ նախանցեալ օր իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինթեր Միլանը, արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի այս մրցաշարքին գծով, եւ դարձաւ բացարձակ մրցանշակիր: Այսպիսով, Պայէրն այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ միակ ակումբը, որ երեք անգամ կը հասնի այս արդիւնքին. նախապէս` 2019-2022 եւ 2021-2022 տարեշրջաններուն: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ այս...

«Էն. Պի. Էյ. »  Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Հիթէն` Հակառակ Քարիի Թրիփըլ Տապըլին

«Էն. Պի. Էյ. » Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Հիթէն` Հակառակ Քարիի Թրիփըլ Տապըլին

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Մայեմի Հիթին, անկէ կրեց 116-109 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հակառակ անոր որ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ), սակայն ատիկա բաւարար չեղաւ յաղթանակ արձանագերելու: Այս պարտութիւնը Ուորիըրզի համար եղաւ տարեշրջանի հինգերորդը` երեք յաղթանակներուն կողքին:  ...

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր Քափ».  ՀՄԸՄ Պէյրութ Չկրցաւ Ապահովել  Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր Քափ». ՀՄԸՄ Պէյրութ Չկրցաւ Ապահովել Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող տղոց պասքեթպոլի «Սուփըր-Քափ» միջազգային երկրորդ մրցաշարքը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին համար` նկատի ունենալով, որ անիկա չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը` 75-72 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք սուրիական Քարամէէն (15-15, 22-16, 20-27 եւ 18-14): Քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունեցած այս մրցումին սկզբնաւորութեան, ՀՄԸՄ ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը (15-11), մինչ երկրորդ քորթըրին, Քարամէ ինք էր, որ...

Ֆիտէ.  Լեւոն Արոնեան 10-րդ  Դիրքէն Նահանջեց 17-րդ Դիրք

Ֆիտէ. Լեւոն Արոնեան 10-րդ Դիրքէն Նահանջեց 17-րդ Դիրք

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած նոյեմբեր ամսուան նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ նախորդ ամիս կը գրաւէր ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը, նահանջեց... 17-րդ դիրք: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ Գաբրիէլ Սարգսեան. ան 41-րդ է: Առաջին հարիւրին մէջ է նաեւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (58-րդ): Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:...

Ճատրակ. Մալակայի Մրցաշարք.  Կարէն Գրիգորեան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Ճատրակ. Մալակայի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Մալակայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած ճատրակի 16-րդ միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ բոլոր մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր անհատական վարկանիշը ունէր (2617), առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց երրորդ դիրքը: Ան պարգեւատրուեցաւ բաժակով մը եւ 750 եւրօ նիւթական պարգեւով: Գրիգորեան միայն լրացուցիչ ցուցանիշներով զիջեցաւ նոյն արդիւնքը արձանագրած քուպացի Տանիել Քապրերայէն եւ սպանացի Անտրես Մերարիոյէն: Ան...

Վահան Բիչախչեան Հրաւիրուեցաւ  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Վահան Բիչախչեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Լեհական Փոկոնի միջնապահ Վահան Բիչախչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար այս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումներու, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը 16 նոյեմբերին կը մրցի Քոսովոյի դէմ, իսկ 19 նոյեմբերին` Ալպանիոյ դէմ: Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան, 23 տարեկան Բիչախչեան Փոկոնի հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 13 մրցումի եւ նշանակած...

Մարսէյ Դուրս Մնաց  Եւրոպական Մրցաշարքերէն

Մարսէյ Դուրս Մնաց Եւրոպական Մրցաշարքերէն

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Մարսէյ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թոթենհամը, իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մարսէյի կոլը նշանակեց Շանսել Մպեմպա (45-2-րդ), իսկ հիւր կազմին հաւասարութեան կոլը` Քլեման Լենկլէ (54-րդ): Անգլիական կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Փիեռ Հոյեժպժերկ` 90+5-րդ վայրկեանին: Հաւասարութեան մը պարագային, Մարսէյ պիտի մասնակցէր «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի...

Մեքսիքա Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրեց  2036-ի Ամառնային Ողիմպիական  Խաղերը Հիւրընկալելու Համար

Մեքսիքա Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրեց 2036-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը Հիւրընկալելու Համար

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Մեքսիքա յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին` հիւրընկալելու համար 2036-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը: Մեքսիքայի կառավարութեան մէկ բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը իր ամէն կարելին պիտի ընէ` յաջողցնելու համար այս թեկնածութիւնը: Մեքսիքա նախապէս 1968-ին հիւրընկալեց ամառնային 19-րդ ողիմպիական խաղերը, մինչ 1970-ին եւ 1986-ին` Մոնտիալի մրցումները: Իսկ 2026-ին Մեքսիքա Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հետ պիտի հիւրընկալէ...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Պիտի Երկարաձգէ  Տիեկօ Սիմէոնէի Պայմանագրութիւնը

Աթլեթիքօ Մատրիտ Պիտի Երկարաձգէ Տիեկօ Սիմէոնէի Պայմանագրութիւնը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի երկարաձգէ ակումբի գլխաւոր մարզիչ, արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէի գործող պայմանագրութիւնը: Անոր նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2026: 52 տարեկան Սիմէոնէ, որ 2011-էն ի վեր Աթլեթիքոյի մարզիչն է, մինչեւ յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մայրաքաղաքի կազմին հետ: Հակառակ անոր  որ ան չկրցաւ իր կազմին հետ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի...

Լուքաքու Շատ Հաւանաբար  Մասնակցի 2022-ի Մոնտիալին

Լուքաքու Շատ Հաւանաբար Մասնակցի 2022-ի Մոնտիալին

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Ինթեր Միլանի մաս կազմող յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ այս ամիս Քաթարի մէջ սկսելիք 2022-ի Մոնտիալին: 29 տարեկան պելճիքացին, որ վիրաւորուելով շուրջ երկու ամիս բացակայեցաւ ֆութպոլի դաշտերէն, նախորդ շաբաթ վերադարձաւ եւ յաջողեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել երկու մրցումի: Նշենք, որ Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Պելճիքայի մրցակիցները պիտի ըլլան Քանատա, Խրուաթիա եւ Մարոք:  

Լուիս Սուարեզ Նասիոնալի Հետ  Հանդիսացաւ Ուրուկուէյի Ֆութպոլի Ախոյեան

Լուիս Սուարեզ Նասիոնալի Հետ Հանդիսացաւ Ուրուկուէյի Ֆութպոլի Ախոյեան

Լիվըրփուլի եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լուիս Սուարեզ Նասիոնալի հետ հանդիսացաւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեան: Փլէյ օֆի աւարտական մրցումին, Նասիոնալ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լիվըրփուլ Մոնթեվիտէոյին, հռչակուեցաւ ախոյեան: Սուարեզ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` 50-րդ եւ 96-րդ վայրկեաններուն: Նշենք, որ նախորդ 30 յունիսին, երբ աւարտեցաւ 35 տարեկան Սուարեզի պայմանագրութիւնը Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, ան ազատ փոխանցումով մը միացաւ Նասիոնալին, որ հանդիսացած էր...

Փոլ Փոկպա Պիտի Բացակայի  2022- Մոնտիալէն

Փոլ Փոկպա Պիտի Բացակայի 2022- Մոնտիալէն

Ինչպէս ծանօթ է, Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա նախորդ շաբաթավերջին դարձեալ վնասուածք ստացաւ. յայտարարուեցաւ, որ ան նուազագոյնը տասը օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Երէկ սակայն, 29 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձը, յայտարարեց, ըսելով, որ ան պիտի բացակայի Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն, որուն մեկնարկը պիտի տրուի 20 նոյեմբերին: Նշենք, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք...

Պասքեթպոլ. «Սուրիոյ Սուփըր Քափ».  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նաուահիր` 79-72

Պասքեթպոլ. «Սուրիոյ Սուփըր Քափ». ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նաուահիր` 79-72

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող տղոց պասքեթպոլի «Սուփըր Քափ» միջազգային երկրորդ մրցաշարքի ծիրին մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր (բաժնուած` երկու խմբակի), աւարտեցան Ա. հանգրուանի մրցումները եւ այժմ տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի` քառորդ աւարտականի մրցումները: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրեց Ուահտէէն եւ Ահլի Հալէպէն, երրորդին արձանագրեց 79-72 արդիւնքով յաղթանակ մը`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Կրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Պարտութիւնը Իր Հիւրէն` Տինամօ  Լուպնանէն, 83-76 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Իր Հիւրէն` Տինամօ Լուպնանէն, 83-76 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամօ Լուպնանը, անկէ կրեց 83-76 արդիւնքով պարտութիւն մը (15-19, 15-14, 20-35 եւ 26-15): Ինչպէս նկատելի է, մրցումին անկիւնադարձային բաժինը եղաւ երրորդ քորթըրը, որուն ընթացքին հիւր կազմը 15 կէտ աւելի նշանակեց: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տինամոյէն Ահմետ Իպրահիմ (32 կէտ):...

Page 351 of 1280 1 … 350 351 352 … 1,280

Արխիւներ