Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ իտալական Եուվենթուսի մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա դարձեալ վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց իտալական անուանի մարզաթերթերէն «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը:
Փոկպա, որ նախորդ յուլիսին ապաքինած էր իր ստացած վնասուածքէն եւ սկսած իր փորձերուն` իտալական կազմին հետ, այժմ դարձեալ մկանային վնասուածք ստանալով նուազագոյնը 10 օր պիտի չմարզուի:
Ասիկա կը նշանակէ, որ անոր մասնակցութիւնը` Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին, հարցականի տակ է:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր երկիրներու ազգային խումբերը, իրենց մարզիկներուն վերջնական ցանկը պէտք է ներկայացնեն մինչեւ 13 նոյեմբեր: