Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Սուրիոյ մէջ սկսաւ սուրիական «Սուփըր Քափ» պասքեթպոլի միջազգային երկրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի:
Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիտըրզի տղոց պասքեթպոլի խումբերը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր, երկրորդին եւս պարտութիւն մը կրեց Ահլի Հալէպէն` 89-80 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-էն 22 կէտ նշանակեց Ճեսի Ճոնզ, 13 կէտ` Թանիոս Աքիքի, 12 կէտ` Ճերըտ Տուայն, իսկ 11 կէտ` Սէրուժ Աւետիսեան:
ՀՄԸՄ-ի երրորդ մրցակիցն է Նաուահիր:
Նշենք, որ նախքան մրցումին սկսիլը, իրարու հետ յուշանուէրներ փոխանակեցին Ահլի Հալէպի պատասխանատուներէն` Ֆիրաս Մասրի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Խիւտավերտեան: