Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան Իտալիա շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ 2022-ի Մոնտիալին` փոխարինելով Թունուզը, եթէ պատահի, որ ՖԻՖԱ-ն մրցաշարքէն հեռացնէ ափրիկեան խումբը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն»-ը:
Նշուեցաւ, որ ասոր պատճառը Թունուզի կառավարութեան միջամուխ ըլլալն է երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործերուն:
Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, Թունուզի մարմնակրթութեան նախարարութիւնը մտադիր է լուծարել երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Իտալիա շատ հաւանաբար ըլլայ Թունուզը փոխարինողը` նկատի ունենալով, որ անիկա կը գրաւէ ամէնէն բարձր դիրքը` աշխարհի ախոյեանութեան չմասնակցող ազգային խումբերուն դասաւորման մէջ:
Ատկէ բացի, անիկա կը գրաւէ ՖԻՖԱ-ի միջազգային դասաւորման 6-րդ դիրքը` Պրազիլի, Պելճիքայի, Արժանթինի, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ազգային խումբերէն ետք:
Նշենք, որ Թունուզի 2022-ի Մոնտիալին մրցակիցներն են Ֆրանսա, Դանիա եւ Աւստրալիա:


