Մարզական

Ռաֆայէլ Վարան Մինչեւ  2022-ի Մոնտիալը` Բացակայ

Ռաֆայէլ Վարան Մինչեւ 2022-ի Մոնտիալը` Բացակայ

Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան մինչեւ 2022-ի Մոնտիալ պիտի չկարենայ ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Ֆրանսացին, Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումին (1-1), պատռեց իր ազդրին ետեւի մկանը: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պատրաստ պիտի չըլլայ Մոնտիալի մրցումներուն մասնակցելու: Վարան անցեալին իր ստացած վնասուածքին պատճառով բացակայած էր «ԵՒՐՕ-2016»-ի ֆութպոլի ախոյեանութենէն: Նշենք, որ Քաթարի մէջ տեղի...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Առաջարկեց Լիոնել Մեսսիին

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Լիոնել Մեսսիին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին, այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն»-ը: Փարիզեան ակումբը այժմ կ՛աշխատի նոր պայմանագրութեան վրայ, որ նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2024: Նշենք, որ Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի յունիս 2023-ին: 2021-ի ամրան, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ Պարսելոնայէն մայրաքաղաքի կազմին միացած Մեսսի, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած...

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր Քափ».  Ուահտէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 113-100

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր Քափ». Ուահտէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 113-100

Երէկ` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, Սուրիոյ մէջ սկսաւ սուրիական «Սուփըր-Քափ» պասքեթպոլի միջազգային երկրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի: Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիտըրզի տղոց պասքեթպոլի խումբերը: Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Ահլի Հալէպ, Ուահտէ, Նաուահիր եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Քարամէ, Սուրիոյ բանակի հաւաքական, Ժալաա եւ Լիտըրզ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ Կէտերու Մեծ  Տարբերութեամբ Յաղթեց Աթլասին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Կէտերու Մեծ Տարբերութեամբ Յաղթեց Աթլասին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Շիահի մարզադաշտին վրայ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 56 կէտի տարբերութեամբ մեծ յաղթանակ մը` 132-76 արդիւնքով (30-11, 42-21, 29-24 եւ 31-20): Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայքըլ Տիքսըն (32 կէտ), իսկ Աթլասէն 23 կէտ նշանակեց Ուիլսըն Սիտնի: Նշենք, որ այսպիսով Պէյրութ Սաժես Պէյրութի նման արձանագրեց...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ 2-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը  Կրեց  Պրաթիսլաւի Մէջ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ 2-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Պրաթիսլաւի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ նախանցեալ օր Պրաթիսլաւայի մէջ հիւրը եղաւ Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեան Սլովանին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա-Քոնֆըրընս-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ը. խմբակի 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Մրցումին 64-րդ վայրկեանին, թէեւ մոլտովացի միջնապահ Եւկենի Քոչուք փենալթիով նշանակեց Փիւնիկի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն հիւրընկալ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն  Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 24, 25 եւ 26 նոյեմբերին, Գիւմրիի, Կապանի եւ Երեւանի մէջ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. Շիրակ-Վան (24 նոյեմբեր, Գիւմրի), Գանձասար-Ալաշկերտ (25 նոյեմբեր, Կապան), Արարատ Արմենիա-Ուրարտու (26 նոյեմբեր, Երեւան) եւ Փիւնիկ-Նոա (26 նոյեմբեր, Երեւան):  

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Նորվեկիոյ Ֆրետրիքսթատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Պիելոռուսիա  մրցումը, որ կ՛իյնայ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վերջ գտաւ Պիելոռուսիոյ յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Յարութիւնեան (46-րդ) եւ Արթուր Միխայէլեան (79-րդ): Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահէ Յարութիւնեան:    

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փլէյ Օֆի 16- Մասնակիցներէն  12-ը Յստակացան

«Չեմփիընզ Լիկ». Փլէյ Օֆի 16- Մասնակիցներէն 12-ը Յստակացան

Վերջին երկու օրերուն ընթացքին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան փլէյ օֆի (1-16-րդ հանգրուան) մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովող 12 խումբերը: 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան վերջին չորս խումբերը: Վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-2 նոյեմբերին: Ստորեւ` իրենց տոմսերը ապահոված 12 խումբերը. Լիվըրփուլ (Անգլիա), Ինթեր Միլան (Իտալիա), Փորթօ (Փորթուգալ), Մանչեսթըր Սիթի (Անգլիա),...

Լեւանտովսքի 11 Տարուան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացակայ`  «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Փլէյ Օֆէն

Լեւանտովսքի 11 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացակայ` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Փլէյ Օֆէն

Պարսելոնային մաս կազմող յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, 11 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացակայ պիտի ըլլայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի (1-16-րդ հանգրուան) մրցումներէն: Լեւանտովսքի, որ առաջին անգամ 2011-2012 տարեշրջանին Պորուսիա Տորթմունտի հետ մասնակցեցաւ վերոնշեալ մրցաշարքի փլէյ օֆի մրցումներուն, այդ թուականէն ետք միշտ ալ ներկայ եղած էր 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն: Լեւանտովսքի, որ այս ամառ Պայէրն Միւնիխէն միացած էր Պարսելոնային, մինչեւ...

Շալքէ Ունեցաւ  Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Շալքէ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շալքէ յայտարարեց ըսելով, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը: 49 տարեկան գերմանացի Թոմաս Ռէյս նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2024: Նշենք, որ այս շաբաթասկիզբին Շալքէ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Ֆրանք Քրամերը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») ընթացիկ տարեշրջանի 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Շալքէ 6 կէտով...

Լիոնել Մեսսի` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  Մրցանշակիր

Լիոնել Մեսսի` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցանշակիր

Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախանցեալ օր Մաքապի Հայֆայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումին իր կազմին հետ արձանագրեց 7-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, դարձաւ մրցանշակիր: Մեսսի դարձաւ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, որ մրցումի մը ընթացքին նշանակեց երկու կոլ եւ կատարեց երկու էսիսթ: Մեսսի 35 տարեկան եւ 123 օրական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Պէյրութի Հինգերորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութի Հինգերորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Սաժես Պէյրութ Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիին: Մրցումը վերջ գտաւ Սաժեսի յաղթանակով` 81-64 արդիւնքով: Այս յաղթանակը անոր համար հանդիսացաւ տարեշրջանի հինգերորդը: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քերուան Ռաշ (27 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քլիֆ Ալեքսանտր տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (22...

Ճատրակ.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան`  «Հուկեվին-Օփըն»ի Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան` «Հուկեվին-Օփըն»ի Տիտղոսակիր

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նետերլանտներու Հուկեվին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Հուկեվին Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր: Ան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 5,5 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ Նիքօ Ցվիրս (Նետերլանտներ): Վճռելու համար տիտղոսակիրին անունը, տեղի ունեցաւ թայ պրէյքի մրցում մը` անոնց միջեւ: Հայաստանի...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ուրարտու` Դասաւորման  Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու` Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին Արարատ-Արմենիա, Շիրակ, Լեռնային Արցախ եւ Ուրարտու: Տեղի ունեցած այս մրցումներէն ետք, այժմ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ուրարտու, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 31 կէտ: Երկրորդ դիրքը 27 կէտով կը գրաւէ Ալաշկերտ, իսկ լաւագոյն եռեակը 25 կէտով կ՛ամբողջացնէ Արարատ-Արմենիա: Ախոյեանութեան մասնակցող մնացեալ խումբերը ունին հետեւեալ կէտերը. Փիւնիկ (երկու մրցում...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Չորրորդ  Յաջորդական Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.» Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը մրցումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ Տենվըրի մէջ հիւրը եղաւ Նակեթցին, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 110-99 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն սերպ Նիքոլա Եոքիչ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (31 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), իսկ Լէյքըրզէն, որ ցարդ յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել, 22 կէտ նշանակեց Անթոնի Տէյվիս: Լէյքըրզի նման, Օրլանտօ Մեճիք, որ ցարդ...

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր-Քափ».  ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ Լիտըրզ  Մեկնեցան Սուրիա

Պասքեթպոլ. Սուրիոյ «Սուփըր-Քափ». ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ Լիտըրզ Մեկնեցան Սուրիա

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Սուրիա մեկնեցան ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիտըրզի տղոց պասքեթպոլի խումբերը` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար սուրիական «Սուփըր Քափ» պասքեթպոլի միջազգային երկրորդ մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի: Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Ահլի Հալէպ, Ուահտէ, Նաուահիր եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ: Իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Քարամէ, Սուրիոյ բանակի հաւաքական, Ժալաա եւ Լիտըրզ: Մրցումները...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20  Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Գրաւեց Մետալներու Ընդհանուր  Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Գրաւեց Մետալներու Ընդհանուր Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ աւարտած Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, մետալներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւեց Հայաստան: Հայրենի ծանրաբարձները երկամարտի մրցումներու արդիւնքներու լոյսին տակ տիրացան 15 մետալի. 7 ոսկի, 4 արծաթ եւ 4 պրոնզ: Երկրորդ հանդիսացաւ Թուրքիա (6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 3 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ուքրանիա (4 ոսկի, 5 արծաթ եւ 2 պրոնզ): Նշենք,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մխիթարեանի Կոլը Նպաստեց Ինթեր Միլանի  Յաղթանակին Եւ Անոր Յաջորդ Հանգրուան Անցնելուն

«Չեմփիընզ Լիկ». Մխիթարեանի Կոլը Նպաստեց Ինթեր Միլանի Յաղթանակին Եւ Անոր Յաջորդ Հանգրուան Անցնելուն

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Գ. խմբակին մէջ Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Վիքթորիա Փլզենին (Չեխիա), անոր դէմ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեանին առաջին կոլը գլուխով նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, 35-րդ վայրկեանին: Անոր նշանակած այս կոլը ոչ միայն նպաստեց իտալացի մարզիչ...

Արցախի Դրօշակը` Լայփցիկ-Ռէալ  Մատրիտ Մրցումին.

Արցախի Դրօշակը` Լայփցիկ-Ռէալ Մատրիտ Մրցումին.

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Լայփցիկ-Ռէալ Մատրիտ մրցումին, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, հայ համակիրներ թրիպիւնին վրայ ցուցադրեցին Արցախի դրօշակը: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ գերմանական կազմին յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով: Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ռէալ Մատրիտ արդէն իսկ ապահոված էր յաջորդ հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:

Ուրարտուի Ակադեմիան Պիտի Կրէ  Էդուարդ Գրիգորեանի Անունը

Ուրարտուի Ակադեմիան Պիտի Կրէ Էդուարդ Գրիգորեանի Անունը

Ուրարտուի ակադեմիան անուանափոխուեցաւ եւ այսուհետեւ պիտի կրէ ակումբի մանկապատանեկան դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն, Հայաստանի անուանի մարզիչ Էդուարդ Գրիգորեանի անունը, այս մասին երէկ յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 7 սեպտեմբեր 2021-ին Ուրարտու ֆութպոլի ակումբի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլիստներ Յովհաննէս Զանազանեանի, Արկադի Անդրէասեանի, ինչպէս նաեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, Արիութեան մետալակիր, Ուրարտու ֆութպոլի ակումբի երկար տարիներու աշխատակից Սիմոն Իսրայէլեանի, ինչպէս նաեւ դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն Էդուարդ...

Page 353 of 1280 1 … 352 353 354 … 1,280

Արխիւներ