Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալ, հիւրընկալեց դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Նոթինկհամ ֆորեսթը:
Լոնտոնեան կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը` 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով իր հիւրը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Ռիս Նելսըն (49-րդ եւ 52-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Արսենալ, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 31 կէտ, այժմ երկու կէտով կը շարունակէ գերազանցել Մանչեսթըր Սիթին, որ այս հանգրուանին 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լայսթըր Սիթիի դաշտէն, շնորհիւ Քեւին Տը Պրույնի նշանակած կոլին (49-րդ):
Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուեսթ Համը, շնորհիւ Մարքուս Ռեշֆորտի նշանակած կոլին (38-րդ):
Սակայն Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Լիծ Եունայթըտէն:


