Մարզական

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան` Աշխարհի Ախոյեան

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Աշխարհի Ախոյեան

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան, 2022 թուականի Եւրոպայի փոխախոյեան, եւրոպական խաղերու ախոյեան, աշխարհի բաժակակիր Արթուր Դաւթեան փայլուն ելոյթներով նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Դաւթեան 15,050 կէտով շրջանցեց բոլոր մրցակիցները եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Նշենք, որ ան զտումի մրցումներուն ապահովելով 14,900 կէտ եւ գրաւելով առաջին դիրքը, հասած էր աւարտական հանգրուան: Այսպիսով,...

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի 31 Ներկայացուցիչներէն 13-ը  Յաղթական Մեկնարկ Ունեցան

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 31 Ներկայացուցիչներէն 13-ը Յաղթական Մեկնարկ Ունեցան

Նախորդ շաբաթավերջին Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ վեց տարիքային դասակարգերով (8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար) եւ զուիցերիական դրութեամբ (9 հանգրուան): Հայաստան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 31 խաղացողներով (18 տղաք եւ 13 աղջիկներ), բոլոր դասակարգերուն մէջ ալ մասնակից ունի: Աղջկանց 18 տարեկանէն վար աշխարհի գործող ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, որ...

Ժերար Փիքէ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ժերար Փիքէ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, երբ քաթալոնական կազմին հետ կատարեց իր վերջին մրցումը: Անոր կազմը, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ Ալմերիայի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` իր դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ (48-րդ) եւ նետերլանտցի միջնապահ Ֆրանքի...

Հաալանտ Շրջանցեց Էմպափէն Եւ Դարձաւ Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլիստը

Հաալանտ Շրջանցեց Էմպափէն Եւ Դարձաւ Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը: «Թրանսֆերմարքեթ»-ի տուեալներով, նորվեկիացիին փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 170 միլիոն եւրոյով: Ան այսպիսով գերազանցեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէն (160 միլիոն եւրօ): 2009-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով «Փրեմիեր Լիկ»-ի խաղացող մը կը դառնայ աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը: Այդ տարի Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը բաժնէր...

«Լիկ-1».  Նէյմարի Կոլն ու Էսիսթը Նպաստեցին Փարիզ Սեն Ժերմենի Արձանագրած Յաղթանակին

«Լիկ-1». Նէյմարի Կոլն ու Էսիսթը Նպաստեցին Փարիզ Սեն Ժերմենի Արձանագրած Յաղթանակին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Լորիանի դաշտէն: Մայրաքաղաքի կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար: Նէյմար, որ 9-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, 81-րդ վայրկեանին կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթը, երբ փորթուգալցի միջնապահ Տանիլու Փերէյրա նշանակեց երկրին գործող...

«Պունտըսլիկա».  Իւնիոն Պերլին Կրեց 5-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Եւ Պարագլուխի Դիրքը Զիջեցաւ Պայէրն Միւնիխին

«Պունտըսլիկա». Իւնիոն Պերլին Կրեց 5-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Եւ Պարագլուխի Դիրքը Զիջեցաւ Պայէրն Միւնիխին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իւնիոն Պերլին, որ հիւրը եղաւ Պայեր Լեւերքուզընին, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, անիկա նահանջեց երրորդ դիրք` պարագլուխի դիրքը զիջելով երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխին, որ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հերթա Պերլինի դաշտէն: Պայէրն Միւնիխ այժմ ունի 28 կէտ, իսկ Իւնիոն Պերլին`...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կը Բանակցի Լուիս Էնրիքէի Հետ

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կը Բանակցի Լուիս Էնրիքէի Հետ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը բանակցի Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Էնրիքէի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, մատրիտեան ակումբը կ՛ուզէ արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէն փոխարինել Էնրիքէով: Նշենք, որ 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն ետք, Էնրիքէ պիտի հեռանայ Սպանիոյ ազգային խումբէն: Թէեւ Սիմէոնէի պայմանագրութիւնը Աթլեթիքոյի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024, սակայն ատիկա միակողմանի...

Ալլեկրի` Իտալիոյ Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Մարզիչը

Ալլեկրի` Իտալիոյ Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Մարզիչը

Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի ներկայիս Իտալիոյ Ա. դասակարգի ամէնէն աւելի բարձր վարձատրուող մարզիչն է, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Իտալացի 55 տարեկան Ալլեկրիի տարեկան աշխատավարձն է 9 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ (7 միլիոն եւրօ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ինթեր Միլանի մարզիչը` Սիմոնէ Ինցակի (4 միլիոն եւրօ): Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի...

Սելթա Վիկօ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Սելթա Վիկօ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Անցնող օրերուն ընթացքին սպանական կազմերէն Սելթա Վիկօ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` արժանթինցի Էտուարտօ Քուտէն, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ան խումբին մարզիչ նշանակուած էր 2020-ին: Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ 56 տարեկան փորթուգալցի Քարլոս Քարվալհալ, որ մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ակումբի տոմարներուն վրայ: Փորթուգալցիին վերջին ակումբը հանդիսացաւ Ուահտէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան...

Ա. Սէ. Միլան Երկարաձգեց Սթեֆանօ Փիոլլիի Պայմանագրութիւնը

Ա. Սէ. Միլան Երկարաձգեց Սթեֆանօ Փիոլլիի Պայմանագրութիւնը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, երկարաձգեց խումբին գլխաւոր մարզիչին` Սթեֆանօ Փիոլլիի պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իտալացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025. նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: 57 տարեկան Փիոլլի, որ խումբին մարզիչ նշանակուեցաւ հոկտեմբեր 2019-ին, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ հանդիսացաւ երկրի ախոյեան: Այս տարեշրջանին ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի...

Ֆութսալ. Լիբանանի  Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շուէյֆաթ` 2-2

Ֆութսալ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շուէյֆաթ` 2-2

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Շուէյֆաթի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած այս մրցումի Ա. կիսախաղին, ՀՄԸՄ կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով, շնորհիւ Հիւսէյն Զէյնի (12-րդ) եւ Ֆուատ Ղանեմի (19-րդ) նշանակած կոլերուն: Սակայն մրցակից կազմը Բ. կիսախաղին երկու կոլ...

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Յարութիւն Մերդինեան  Տիրացաւ Պրոնզէ Մետալին

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յարութիւն Մերդինեան Տիրացաւ Պրոնզէ Մետալին

Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան նժոյգ մարզաձեւի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, փոխախոյեան եւ եռակի պրոնզէ մետալակիր Յարութիւն Մերդինեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` ապահովելով 14,733 կէտ: Ախոյեան հանդիսացաւ իրլանտացի Ռիչ Ճոշուա Մաքլենաքան (15,300 կէտ): Նշենք, որ Մերդինեան նախորդ օգոստոսին Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան նժոյգ մարզաձեւի մրցումներուն դարձած էր...

Էդուարդ Վարդանեան Թեքնիք Նաք-Աութով Յաղթեց Ռայիսովին

Էդուարդ Վարդանեան Թեքնիք Նաք-Աութով Յաղթեց Ռայիսովին

Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «ԱՔԱ-147»-ի մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին ընթացքին Ռուսիան ներկայացնող հայ մարտիկ Էդուարդ Վարդանեան 2-րդ ռաունտին թեքնիք նաք աութով յաղթեց իր ռուս մրցակիցին` Եուսուֆ  Ռայիսովին: Այս մրցումը կ՛իյնայ թեթեւ քաշային կարգին մէջ: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 31 տարեկան Էդուարդ Վարդանեան, որ ցարդ կատարած է 28 մենամարտ, արձանագրած է 24 յաղթանակ եւ կրած 4 պարտութիւն: Իսկ...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան Պարտուեցաւ  Պալէն Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան Պարտուեցաւ Պալէն Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի վերջին հանգրուանին մրցեցաւ զուիցերիական Պալի դէմ, անկէ կրելով 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը դուրս մնաց մրցաշարքէն: Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, հիւր կազմը Ա. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ (17-րդ եւ 30-րդ): 53-րդ վայրկեանին Պալին մաս կազմող մարզիկ մը կարմիր քարտ մը...

Անչելոթթի` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  Մրցանշակիր

Անչելոթթի` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցանշակիր

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտի իտալացի 63 տարեկան գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի դարձաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցանշակիր` իր արձանագրած յաղթանակներուն քանակին շնորհիւ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան իր 103-րդ յաղթանակը արձանագրեց սկովտիական Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին` 5-1 արդիւնքով: Ան այսպիսով գերազանցեց անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի հաստատած նախկին մրցանիշը`...

2022-ի Մոնտիալէն Ետք Զիտան Պիտի Ստանձնէ  Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

2022-ի Մոնտիալէն Ետք Զիտան Պիտի Ստանձնէ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան, 2022-ի Մոնտիալէն ետք պիտի փոխարինէ Տիտիէ Տեշանը` ստանձնելով Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն իսկ համաձայնութեան եկաւ Զիտանի հետ` անոր յանձնելու Տեշանի պաշտօնը, ինչ ալ որ ըլլան վերջինիս արձանագրելիք արդիւնքները Քաթարի մէջ, 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր: Մայիս 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէ...

Պրազիլի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Փալմէյրաս 11-րդ Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պրազիլի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Փալմէյրաս 11-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փալմէյրաս, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆորթալեզային, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` տարեշրջանի աւարտէն երեք հանգրուան առաջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փալմէյրաս, որ ունեցաւ 77 կէտ, 13 կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց իր անմիջական մրցակիցը` Ինթերնասիոնալը: Այսպիսով, Փալմէյրաս 11-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին եւ բարելաւեց իր իսկ հաստատած մրցանիշը: Սանթոս տիտղոսին տիրացած է 8...

Եիւրկըն Քլոփ Ստացաւ Լիվըրփուլի  Բարձրագոյն Պարգեւը

Եիւրկըն Քլոփ Ստացաւ Լիվըրփուլի Բարձրագոյն Պարգեւը

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Լիվըրփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ արժանացաւ Լիվըրփուլի բարձրագոյն քաղաքացիական պարգեւին, որ կը կոչուի «Ֆրիտըմ Օֆ Տը Սիթի», այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած այս արարողութեան ներկայ էին Եիւրկըն Քլոփի մարզչական կազմին անդամները, ակումբին թեքնիք տնօրէնը, Լիվըրփուլի նախկին խաղացող եւ մարզիչ Քենի Տալկլիշ եւ Լիվըրփուլի քաղաքապետ Ճոան Անտերսոն: Նշենք, որ Եիւրկըն Քլոփ Լիվըրփուլի...

Նէօյըր Ենթարկուեցաւ  3 Վիրաբուժութեան`  Քաղցկեղի Պատճառով

Նէօյըր Ենթարկուեցաւ 3 Վիրաբուժութեան` Քաղցկեղի Պատճառով

Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր յայտնեց, որ դէմքի մաշկի քաղցկեղ ունեցած է: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, այդ հիւանդութիւնը անոր մօտ յայտնաբերուած է 2021-ին: «Ես դէմքի մաշկի քաղցկեղ ունէի, եւ բուժման համար ինձմէ պահանջուեցաւ երեք վիրաբուժութիւն», յայտնեց գերմանացի բերդապահը: Նշենք, որ ներկայիս ան կ՛ապաքինի իր ուսի վնասուածքէն: 36 տարեկան Նէօյըր, որ 2011-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխի, ընթացիկ տարեշրջանին ցարդ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուորիըրզ Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական  Պարտութիւնը` Հակառակ  Քարիի Նշանակած 39 Կէտին

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը` Հակառակ Քարիի Նշանակած 39 Կէտին

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Օրլանտօ Մեճիքին, անկէ կրեց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 130-129 արդիւնքով պարտութիւն մը: Ասիկա Ուորիըրզի համար հանդիսացաւ չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, հակառակ անոր որ անոր կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 39 կէտ:  

Page 350 of 1280 1 … 349 350 351 … 1,280

Արխիւներ