Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը բանակցի Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Էնրիքէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, մատրիտեան ակումբը կ՛ուզէ արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէն փոխարինել Էնրիքէով:
Նշենք, որ 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն ետք, Էնրիքէ պիտի հեռանայ Սպանիոյ ազգային խումբէն:
Թէեւ Սիմէոնէի պայմանագրութիւնը Աթլեթիքոյի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024, սակայն ատիկա միակողմանի խզելու պարագային սպանական ակումբը ստիպուած պիտի ըլլայ Սիմէոնէին վճարել 14 միլիոն եւրօ:
Սիմէոնէի հետ Աթլեթիքօ Մատրիտ այս տարեշրջանին չկրցաւ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը: