Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի ներկայիս Իտալիոյ Ա. դասակարգի ամէնէն աւելի բարձր վարձատրուող մարզիչն է, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Իտալացի 55 տարեկան Ալլեկրիի տարեկան աշխատավարձն է 9 միլիոն եւրօ:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ (7 միլիոն եւրօ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ինթեր Միլանի մարզիչը` Սիմոնէ Ինցակի (4 միլիոն եւրօ):
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Եուվենթուս 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: