Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, երկարաձգեց խումբին գլխաւոր մարզիչին` Սթեֆանօ Փիոլլիի պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իտալացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025. նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը:
57 տարեկան Փիոլլի, որ խումբին մարզիչ նշանակուեցաւ հոկտեմբեր 2019-ին, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Այս տարեշրջանին ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, անոր կազմը այժմ 29 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը: