Անցնող օրերուն ընթացքին սպանական կազմերէն Սելթա Վիկօ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` արժանթինցի Էտուարտօ Քուտէն, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ան խումբին մարզիչ նշանակուած էր 2020-ին:
Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ 56 տարեկան փորթուգալցի Քարլոս Քարվալհալ, որ մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ակումբի տոմարներուն վրայ:
Փորթուգալցիին վերջին ակումբը հանդիսացաւ Ուահտէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Սելթա Վիկօ 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ դիրքը: