Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Լորիանի դաշտէն:
Մայրաքաղաքի կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար:
Նէյմար, որ 9-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, 81-րդ վայրկեանին կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթը, երբ փորթուգալցի միջնապահ Տանիլու Փերէյրա նշանակեց երկրին գործող ախոյեանին յաղթանակի կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը (38 կէտով)` 5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լանսի վրայ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Անժէի դաշտէն:
Նշենք, որ Սեն Ժերմենէն բացակայեցաւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (վիրաւոր):