Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտի իտալացի 63 տարեկան գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի դարձաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցանշակիր` իր արձանագրած յաղթանակներուն քանակին շնորհիւ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իր 103-րդ յաղթանակը արձանագրեց սկովտիական Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին` 5-1 արդիւնքով:
Ան այսպիսով գերազանցեց անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի հաստատած նախկին մրցանիշը` 102 յաղթանակ, որ հաստատուած էր նոյեմբեր 2012-ին: