Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իւնիոն Պերլին, որ հիւրը եղաւ Պայեր Լեւերքուզընին, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, անիկա նահանջեց երրորդ դիրք` պարագլուխի դիրքը զիջելով երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխին, որ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հերթա Պերլինի դաշտէն:
Պայէրն Միւնիխ այժմ ունի 28 կէտ, իսկ Իւնիոն Պերլին` 26 կէտ:
Ֆրայպուրկ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Քէօլնին, այժմ 27 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: