Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի վերջին հանգրուանին մրցեցաւ զուիցերիական Պալի դէմ, անկէ կրելով 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, հիւր կազմը Ա. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ (17-րդ եւ 30-րդ):
53-րդ վայրկեանին Պալին մաս կազմող մարզիկ մը կարմիր քարտ մը ստացաւ, որմէ կարճ ատեն մը ետք հայկական կազմը նշանակեց իր միակ կոլը, շնորհիւ պոսնիացի Լուքա Եուրիքիչի:
Ապահովելով 11-ական կէտ` Սլովան Պրաթիսլաւա եւ Պալ, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին Ը. խմբակին առաջին եւ երկրորդ դիրքերը, ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, մինչ Փիւնիկ, որ ապահովեց 6 կէտ եւ գրաւեց երրորդ դիրքը, դուրս մնաց մրցաշարքէն: