Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փալմէյրաս, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆորթալեզային, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` տարեշրջանի աւարտէն երեք հանգրուան առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փալմէյրաս, որ ունեցաւ 77 կէտ, 13 կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց իր անմիջական մրցակիցը` Ինթերնասիոնալը:
Այսպիսով, Փալմէյրաս 11-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին եւ բարելաւեց իր իսկ հաստատած մրցանիշը:
Սանթոս տիտղոսին տիրացած է 8 անգամ, մինչ Քորինթիանս եւ Ֆլամենկօ ախոյեան հանդիսացած են 7-ական անգամ: