Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Շուէյֆաթի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած այս մրցումի Ա. կիսախաղին, ՀՄԸՄ կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով, շնորհիւ Հիւսէյն Զէյնի (12-րդ) եւ Ֆուատ Ղանեմի (19-րդ) նշանակած կոլերուն:
Սակայն մրցակից կազմը Բ. կիսախաղին երկու կոլ նշանակելով (24-րդ եւ 39-րդ) ՀՄԸՄ-էն խլեց հաւասարութիւն մը: