Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Լիվըրփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ արժանացաւ Լիվըրփուլի բարձրագոյն քաղաքացիական պարգեւին, որ կը կոչուի «Ֆրիտըմ Օֆ Տը Սիթի», այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած այս արարողութեան ներկայ էին Եիւրկըն Քլոփի մարզչական կազմին անդամները, ակումբին թեքնիք տնօրէնը, Լիվըրփուլի նախկին խաղացող եւ մարզիչ Քենի Տալկլիշ եւ Լիվըրփուլի քաղաքապետ Ճոան Անտերսոն:
Նշենք, որ Եիւրկըն Քլոփ Լիվըրփուլի մարզիչն է 2015-էն ի վեր: