Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը:
«Թրանսֆերմարքեթ»-ի տուեալներով, նորվեկիացիին փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 170 միլիոն եւրոյով:
Ան այսպիսով գերազանցեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէն (160 միլիոն եւրօ):
2009-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով «Փրեմիեր Լիկ»-ի խաղացող մը կը դառնայ աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը:
Այդ տարի Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը բաժնէր առաջին դիրքը` Լիոնել Մեսսիի հետ:
Հաալանտի եւ Էմպափէի ետին լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր (120 միլիոն եւրօ):