«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Օրլանտօ Մեճիքին, անկէ կրեց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 130-129 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ասիկա Ուորիըրզի համար հանդիսացաւ չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, հակառակ անոր որ անոր կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 39 կէտ: