Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան նժոյգ մարզաձեւի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, փոխախոյեան եւ եռակի պրոնզէ մետալակիր Յարութիւն Մերդինեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` ապահովելով 14,733 կէտ:
Ախոյեան հանդիսացաւ իրլանտացի Ռիչ Ճոշուա Մաքլենաքան (15,300 կէտ):
Նշենք, որ Մերդինեան նախորդ օգոստոսին Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան նժոյգ մարզաձեւի մրցումներուն դարձած էր յաղթական` երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիսանալով Եւրոպայի ախոյեան: