Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, երբ քաթալոնական կազմին հետ կատարեց իր վերջին մրցումը:
Անոր կազմը, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ Ալմերիայի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` իր դաշտին վրայ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ (48-րդ) եւ նետերլանտցի միջնապահ Ֆրանքի տը Եոնկ (62-րդ):
Անոնց խմբակից լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի 7-րդ վայրկեանին իր կազմին շնորհուած փենալթին բերդէն դուրս հարուածեց:
35 տարեկան Փիքէ, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր այս մրցումին, 85-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իրաւարարին սուլիչէն ետք ան իր արտասանած խօսքին մէջ արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուաւ իր ակումբին բազմահազար համակիրներուն` շրջագայելէ ետք մարզադաշտին մէջ: