Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան, 2022-ի Մոնտիալէն ետք պիտի փոխարինէ Տիտիէ Տեշանը` ստանձնելով Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն իսկ համաձայնութեան եկաւ Զիտանի հետ` անոր յանձնելու Տեշանի պաշտօնը, ինչ ալ որ ըլլան վերջինիս արձանագրելիք արդիւնքները Քաթարի մէջ, 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր:
Մայիս 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէ ետք, Զիտան որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօն չստանձնեց, թէեւ փորձեց համաձայնութեան գալ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: