Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր յայտնեց, որ դէմքի մաշկի քաղցկեղ ունեցած է: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, այդ հիւանդութիւնը անոր մօտ յայտնաբերուած է 2021-ին:
«Ես դէմքի մաշկի քաղցկեղ ունէի, եւ բուժման համար ինձմէ պահանջուեցաւ երեք վիրաբուժութիւն», յայտնեց գերմանացի բերդապահը:
Նշենք, որ ներկայիս ան կ՛ապաքինի իր ուսի վնասուածքէն:
36 տարեկան Նէօյըր, որ 2011-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխի, ընթացիկ տարեշրջանին ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 13 մրցումի: