Պերեզովսքի Հայաստանի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրեց 25 Ֆութպոլիստ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ռոման Պերեզովսքի յառաջիկային տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն համար ազգային հաւաքական հրաւիրեց 25 ֆութպոլիստ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 16 նոյեմբերին Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Քոսովոյի, իսկ 19 նոյեմբերին` Ալպանիոյ: Նշենք, որ հաւաքականէն հեռացած սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի օրերուն, Պերեզովսքի բերդապահներուն մարզիչն էր: Ստորեւ` հաւաքական հրաւիրուած 25 ֆութպոլիստներուն...




















