Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Դատ Բացաւ Փիւնիկի Սեփականատիրոջ Դէմ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Դատ Բացաւ Փիւնիկի Սեփականատիրոջ Դէմ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը դատ բացաւ Փիւնիկ Երեւանի սեփականատիրոջ` Արթուր Սողոմոնեանի դէմ, անոր կողմէ կատարուած կեղծիք եւ զրպարտութիւն պարունակող յայտարարութիւններուն համար: Արթուր Սողոմոնեան 16 դեկտեմբերին, ակումբին պաշտօնական կայքին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին քննադատեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործունէութիւնները: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ան դատարանի միջոցով պարտադիր է հրապարակաւ ներում հայցել:    ...

ՖԻՖԱ-ն Կը Քննարկէ Մոնտիալը  Երեք Տարին Անգամ Մը Կատարելու  Տարբերակը

ՖԻՖԱ-ն Կը Քննարկէ Մոնտիալը Երեք Տարին Անգամ Մը Կատարելու Տարբերակը

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի նախագահը` Ճիաննի Ինֆանթինօ, կը դիտարկէ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը երեք տարին անգամ մը կատարելու տարբերակը, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը: Քաթարի մէջ կատարուած 2022-ի Մոնտիալին նիւթական եւ մարզական յաջողութիւններէն ոգեւորուած Ինֆանթինօ յայտնեց, որ անհրաժեշտ կը նկատէ այս փոփոխութիւնը: Նշուեցաւ, որ այս Մոնտիալին ՖԻՖԱ-ի եկամուտը` 6,2 միլիառ ամերիկեան տոլար, մրցանշային եղաւ եւ 840 միլիոնով աւելի եղաւ,...

Ռոնալտօ Մտադիր Է Մասնակցիլ  2026-ի Մոնտիալին

Ռոնալտօ Մտադիր Է Մասնակցիլ 2026-ի Մոնտիալին

Յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մտադիր չէ հեռանալ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբէն, այս մասին յայտնեց «Մարքա»-ն: Ըստ աղբիւրին, 37 տարեկան ֆութպոլիստը չի նախատեսեր աւարտել իր միջազգային ասպարէզը ազգային հաւաքականին հետ: Անոր շրջապատը կը նշէ, որ Ռոնալտոյի նպատակը 2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցիլն է: Նշուեցաւ, որ Փորթուգալի` 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականէն դուրս մնալը Ռոնալտոյի համար անոր ասպարէզին ամէնէն տխուր պահերէն մէկը հանդիսացաւ: Ըստ շրջան...

Զիտան Շատ Հաւանաբար  Գլխաւորէ Եուվենթուսը

Զիտան Շատ Հաւանաբար Գլխաւորէ Եուվենթուսը

Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ ֆրանսացի Զինետտին Զիտան շատ հաւանաբար գլխաւորէ Եուվենթուսը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզական օրաթերթ «Լ՛էքիփ» օրաթերթը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, սկզբունքով ան կը նկատուէր Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յաջորդ մարզիչը, սակայն Տիտիէ Տեշան հեռանալու մտադրութիւն չունի: Թէեւ Եուվենթուսի այժմու մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 2025-ի ամրան, սակայն անոր ապագան կը մնայ կասկածի տակ,...

Սեւիլլա Որոշեց Խզել  Պայմանագրութիւնը Իսքոյի Հետ

Սեւիլլա Որոշեց Խզել Պայմանագրութիւնը Իսքոյի Հետ

Սպանական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն` «Մարքա» յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Իսքօ մօտերս պիտի հեռանայ իր ակումբէն` Սեւիլլայէն: Աղբիւրին համաձայն, սպանական ակումբը մտադիր է յայտարարել 30 տարեկան ֆութպոլիստին հետ պայմանագիրի խզման մասին: Իսքոյի գործող պայմանագրութիւնը Սեւիլլայի հետ ուժի մէջ է մինչեւ 2024-ի ամառը: Նշենք, որ ան նախորդ ամառ Ռէալ Մատրիտէն միացաւ Սեւիլլայի` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ:

Մաթէուս. «Ան Իր Եսասիրութեամբ  Թէ՛ Վնասեց Ինքնիրեն  Եւ Թէ՛ Ազգային Խումբին»

Մաթէուս. «Ան Իր Եսասիրութեամբ Թէ՛ Վնասեց Ինքնիրեն Եւ Թէ՛ Ազգային Խումբին»

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած, 1990-ին «Ոսկիէ գնդակ»-ին տիրացած Լոթար Մաթէուս, անդրադառնալով փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Անկասկած, որ ան աշխարհի այս ախոյեանութեան գլխաւոր հիասթափութիւնն է. Մեսսիին հակապատկերը: Ան իր եսասիրութեամբ թէ՛ վնասեց ինքնիրեն եւ թէ՛ ազգային խումբին: Ժամանակին ան հիանալի ֆութպոլիստ էր, միջազգային մակարդակի վրայ սքանչելի ռմբաձիգ: Այժմ սակայն, ան ընդմիշտ արատաւորեց իր ձգած ֆութպոլի...

Ասենսիօ Կը Փափաքի Մնալ  Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ասենսիօ Կը Փափաքի Մնալ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող սպանացի միջնապահ Մարքօ Ասենսիօ կը փափաքի նոր պայմանագրութիւն մը կնքել արքայական ակումբին հետ: Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ 26 տարեկան Ասենսիօ, հակառակ անոր որ բաւական խաղաժամանակ չի ստանար իր խումբին կատարած մրցումներուն ընթացքին, սակայն գոհ մնալով իր ակումբէն, կը փափաքի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Ան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, իր կազմին հետ ցարդ կատարեց 15 մրցում,...

Հայաստանի 10 Լաւագոյն  Մարզիկներու Թեկնածուները

Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Թեկնածուները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի 2022 տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու մրցանակաբաշխութեան մասնակցող մարզիկներուն անուանացանկը: Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու ընտրութիւնը պիտի կատարեն Հայաստանի հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչներն ու նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած մարզական լրագրողները: Արդիւնքներուն հրապարակումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին:  

Հարիւր Հազարաւոր Արժանթինցիներ  Դիմաւորեցին Հայրենիք Վերադարձած  Եւ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած  Իրենց Երկրին Ֆութպոլի Հաւաքականը

Հարիւր Հազարաւոր Արժանթինցիներ Դիմաւորեցին Հայրենիք Վերադարձած Եւ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Իրենց Երկրին Ֆութպոլի Հաւաքականը

Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը Քաթարէն վերադարձաւ հայրենիք: Պուենոս Այրեսի մէջ, աշխարհի նորընծայ ախոյեաններուն դիմաւորեցին հարիւր հազարաւոր համակիրներ, որոնք ողողած էին մայրաքաղաքի փողոցները: Օդանաւէն 2022-ի Մոնտիալի բաժակով դուրս եկաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ, «Ոսկիէ գնդակ»-ի եօթնակի դափնեկիր եւ ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուած` Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսին: Արժանթինի կառավարութիւնը, ազգային խումբին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով, 20...

Հազարաւոր Համակիրներ Ողջունեցին  Հայրենիք  Վերադարձած Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբը

Հազարաւոր Համակիրներ Ողջունեցին Հայրենիք Վերադարձած Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, Քաթարէն Ֆրանսա վերադարձաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը` հոն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալին: Թէեւ Ֆրանսա հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան, սակայն «Քոնքորտ» հրապարակին վրայ խումբը արժանացաւ մեծ ընդունելութեան, եւ հազարաւոր ֆութպոլասէրներ ողջունեցին անոր հայրենիք վերադարձը: Ազգային խումբի ֆութպոլիստներուն  երեւումը` «Քոնքորտ» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 21:00-ին (Ֆրանսայի ժամանակացոյցով), մինչ ոստիկանութիւնը ճամբաներուն հսկողութիւնը իր հակակշիռին...

ՖԻՖԱ.  Պրազիլ Մնաց Առաջին Դիրքին Վրայ.  Մարոք Բարձրացաւ 11-րդ Դիրք

ՖԻՖԱ. Պրազիլ Մնաց Առաջին Դիրքին Վրայ. Մարոք Բարձրացաւ 11-րդ Դիրք

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը 2022-ի Մոնտիալին աւարտէն ետք մնաց առաջին` ՖԻՖԱ-ի հրապարակելիք նոր դասաւորման մէջ: Նշենք, որ Պրազիլ, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն փենալթիներով պարտուեցաւ Խրուաթիայէն: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Արժանթին բարձրացաւ երկրորդ դիրք (նախապէս` երրորդ): Պելճիքա երկու դիրք նահանջելով յայտնուեցաւ չորրորդ դիրքին վրայ, Անգլիա մնաց 5-րդ, Նետերլանտներ երկու դիրքի ոստում արձանագրեցին (այժմ` 6-րդ): Կիսաւարտականին Արժանթինէն պարտուած...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Ախոյեանութեան Մրցումները  Պիտի Վերսկսին Հանգրուան Առ Հանգրուան

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ախոյեանութեան Մրցումները Պիտի Վերսկսին Հանգրուան Առ Հանգրուան

Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ֆութպոլասէր հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը Քաթարն էր, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհի 22-րդ ախոյեանութիւնը` 2022-ի Մոնտիալը: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալէն ետք, այժմ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները պիտի վերսկսին հանգրուան առ հանգրուան: Անգլիոյ մէջ մրցումները պիտի սկսին Լիկայի բաժակի մրցումներով, իսկ Սպանիոյ մէջ` երկրին բաժակի մրցումներով (յառաջիկայ օրերուն ընթացքին): «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումները (17-րդ հանգրուան) պիտի սկսին...

Եուվենթուս Կը Փափաքի Երկարաձգել  Տի Մարիայի Պայմանագրութիւնը

Եուվենթուս Կը Փափաքի Երկարաձգել Տի Մարիայի Պայմանագրութիւնը

Իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Լա Կազեթթա տելլօ Սփոր» կը յայտնէ, որ Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբը կը փափաքի երկարաձգել արժանթինցի յառաջապահ Անխել Տի Մարիայի պայմանագրութիւնը: Եուվենթուս պիտի փորձէ իր ամէն կարելին ընել անոր առաջարկելու համար նուազագոյնը` տարուան մը պայմանագրութիւն մը, անշուշտ եթէ ձախողի անոր հետ կնքել երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: Աղբիւրին համաձայն, 34 տարեկան Տի Մարիա, որ 2022-ի ամրան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ...

Պայէրն Միւնիխ Հետաքրքրուած`  Էմիլիանօ Մարթինեզով

Պայէրն Միւնիխ Հետաքրքրուած` Էմիլիանօ Մարթինեզով

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեզով, այս մասին յայտնեց «Մետիա Ֆութ»-ը: Միւնիխեան ակումբը, ուշադիր հետեւեցաւ 2022-ի Մոնտիալին ընթացքին բերդապահներու ներկայացումներով եւ մեծապէս տպաւորուեցաւ 30 տարեկան բերդապահով: Նկատի ունենալով, որ Պայէրնի հիմնական բերդապահը` Մանուէլ Նէօյըր, վնասուածք ստանալէ եւ վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, շատ հաւանական...

Պենզեմա Աւարտեց Իր Ասպարէզը`  Ֆրանսայի Ֆութպոլի Հաւաքականին Հետ

Պենզեմա Աւարտեց Իր Ասպարէզը` Ֆրանսայի Ֆութպոլի Հաւաքականին Հետ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ դնելու իր միջազգային ասպարէզին` Ֆրանսայի ազգային հաւաքականին հետ: 35 տարեկան Պենզեմա ազդրի վնասուածքի պատճառով չկրցաւ լաւապէս ապաքինիլ եւ իր մասնակցութիւնը բերել Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին: Ան պիտի մասնակցէր աւարտական մրցումին, սակայն չընդունեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրաւէրը` նկատի ունենալով, որ լարուած յարաբերութիւններ ունէր...

Տեշան Պիտի Մնայ Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբի Մարզիչ, Եթէ Իրեն Առաջարկուի  4 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը

Տեշան Պիտի Մնայ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ, Եթէ Իրեն Առաջարկուի 4 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը

Աշխարհի ֆութպոլի փոխախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան, պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, եթէ իրեն առաջարկուի 4 տարուան պայմանագրութիւն մը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» անուանի մարզական օրաթերթը: Անոր պայմանագրութիւնը Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ իր աւարտին կը հասնի այս տարուան վերջին օրը` 31 դեկտեմբերին: Ֆետերասիոնը կը փափաքի երկարաձգել համագործակցութիւնը, սակայն մտադիր է կնքել նոր պայմանագրութիւն մը, նախատեսուած` մինչեւ 2024-ի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի Արամուն` 1-3

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի Արամուն` 1-3

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Ռիատի Արամունի դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Ղասսան Տալպանի: Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր պարտութիւնը, յաղթանակի մը եւ հաւասարութեան կողքին, մինչ մրցակից կազմը արձանագրեց...

Աշխարհի Ախոյեանութեան  Պատմութեան Լաւագոյն Ռմբաձիգները

Աշխարհի Ախոյեանութեան Պատմութեան Լաւագոյն Ռմբաձիգները

Քաթարի մէջ աւարտած աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումէն ետք, փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգներուն դասաւորման մէջ: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի, որ աւարտականին տուպլէ մը իրագործեց, աշխարհի ախոյեանութիւններուն իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը հասցուց 13-ի: Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող 35 տարեկան յառաջապահը, Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգներուն դասաւորման մէջ, այժմ կը բաժնէ  5-րդ դիրքը,...

Ճատրակ.  Շանթ Սարգսեան Եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան  Մէկական Կէտով Զիջեցան Տիտղոսակիրէն

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան Մէկական Կէտով Զիջեցան Տիտղոսակիրէն

Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին վերջ գտաւ արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Ախոյեան հանդիսացաւ սպանացի Խայմէ Սանթոս Լաթասա, որ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 9,5 կէտ: Անկէ մէկական կէտով ետ մնացին Հայաստանի ներկայացուցիչներ Շանթ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին 16-րդ  եւ 18-րդ դիրքերը: Նշենք, որ Եւրոպայի կայծակնային (պլից) ախոյեանութեան, Շանթ Սարգսեան գրաւած էր երրորդ դիրքը: Այժմ, Սարգսեան եւ Յովհաննիսեան...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Բոլոր Մարզիկներն Ալ  Մետալներու Տիրացան Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

Կռփամարտ. Հայաստանի Բոլոր Մարզիկներն Ալ Մետալներու Տիրացան Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ հայրենի կռփամարտիկները տիրացան երեք ոսկի եւ մէկ պրոնզ մետալներու, Մելպուռնի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Կենատի Շաթքովի անուան կռփամարտի միջազգային յուշամրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 11-18 դեկտեմբերին, ռուսական Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ: Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած բոլոր` չորս կռփամարտիկներն ալ արժանացան մետալներու` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. ախոյեաններ` Արմէն Մուսախանեան (66 քկ),...

Page 339 of 1280 1 … 338 339 340 … 1,280

Արխիւներ