Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը 2022-ի Մոնտիալին աւարտէն ետք մնաց առաջին` ՖԻՖԱ-ի հրապարակելիք նոր դասաւորման մէջ:
Նշենք, որ Պրազիլ, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն փենալթիներով պարտուեցաւ Խրուաթիայէն:
Աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Արժանթին բարձրացաւ երկրորդ դիրք (նախապէս` երրորդ):
Պելճիքա երկու դիրք նահանջելով յայտնուեցաւ չորրորդ դիրքին վրայ, Անգլիա մնաց 5-րդ, Նետերլանտներ երկու դիրքի ոստում արձանագրեցին (այժմ` 6-րդ):
Կիսաւարտականին Արժանթինէն պարտուած Խրուաթիա հինգ դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ 5-րդ է:
Ինչ կը վերաբերի ախոյեանութեան անակնկալ խումբին` Մարոքի, անիկա 22-րդ դիրքէն բարձրացաւ 11-րդ դիրք:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ պաշտօնական մանրամասն դասաւորումը պիտի հրապարակուի հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին:


