Մարզական

«Եու. Էֆ. Սի.»  Արման Ծառուկեան Յաղթեց  Իրաւարարներու Միաձայն Որոշումով

«Եու. Էֆ. Սի.» Արման Ծառուկեան Յաղթեց Իրաւարարներու Միաձայն Որոշումով

Ռուսահայ մարտիկ Արման Ծառուկեան «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Ֆայթ Նայթ 216»-ի գլխաւոր մենամարտին յաղթեց իր ղազախ մրցակիցին` Տամիր Իսմակուլովին: Թեթեւ քաշային կարգի այս մենամարտը վերջ գտաւ Ծառուկեանի յաղթանակով, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 30-27, 30-27 եւ 30-27 արդիւնքով: 26 տարեկան Ծառուկեան ցարդ արձանագրած է 19 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, իսկ 31 տարեկան Իսմակուլով` 24 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն: «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.» թեթեւ քաշային...

Պաշտօնական. Սաութկէյթ Պիտի Շարունակէ  Գլխաւորել Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Պաշտօնական. Սաութկէյթ Պիտի Շարունակէ Գլխաւորել Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Կերըթ Սաութկէյթ պիտի շարունակէ գլխաւորել Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը` մնալով անոր գլխաւոր մարզիչը: Հակառակ անոր որ վերջին շրջանին շատ կը խօսուէր, որ 52 տարեկան Սաութկէյթ կրնայ հեռանալ իր պաշտօնէն, սակայն ֆետերասիոնը շարունակեց իր վստահութիւնը պահել անոր նկատմամբ, հակառակ անոր որ Անգլիա 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ Ֆրանսայէն, 2-1 արդիւնքով: Սաութկէյթ, որ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է 300 Միլիոն  Եւրոյով Ծախելու Էմպափէն

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է 300 Միլիոն Եւրոյով Ծախելու Էմպափէն

Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է ծախելու աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացած իր ֆրանսացի ֆութպոլիստը` Քիլիան Էմպափէն, եթէ անշուշտ 23 տարեկան յառաջապահը խումբէն հեռանալու փափաք ունի: Սակայն փարիզեան ակումբը պիտի բանակցի միայն 300 միլիոն եւրոյով սկսող առաջարկներու հետ: Ներկայիս այդպիսի գաղափարի համամիտ կը թուի ըլլալ միայն Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Նշենք, որ Քաթար-2022-ի...

Թենիս.  Ռաֆայէլ Նատալի Բացառիկ Մրցանիշը

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալի Բացառիկ Մրցանիշը

Սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 22 կրան շլեմի տիտղոսներու, թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 900-րդ շաբաթն ըլլալով առաջին 10-ին մէջ մնալով, հաստատեց բացառիկ մրցանիշ մը: Նատալ, որ առաջին անգամ 25 ապրիլ 2005-ին յայտնուեցաւ առաջին տասնեակին մէջ, այժմ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը: Նախորդ մրցանիշը արձանագրած էր ամերիկացի Ճիմի Քանըրզ (789 շաբաթ): Իսկ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր...

«Էն. Պի. Էյ.».  Երկրին Գործող Ախոյեանին  15-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.». Երկրին Գործող Ախոյեանին 15-րդ Յաղթանակը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, արձանագրեց իր 15-րդ յաղթանակը, իր կրած 16 պարտութեան կողքին: Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզին, արձանագրեց 126-110 արդիւնքով յաղթանակ մը, առանց Սթեֆըն Քարիի (վիրաւոր): Յաղթական կազմէն 43 կէտ նշանակեց 23 տարեկան ամերիկացի Ճորտըն Փուլ: Ուորիըրզ այժմ կը գրաւէ արեւմտեան շրջանի 11-րդ դիրքը. առաջին տասը դիրքը...

Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան  Պատմական Աւարտ. Արժանթին Աշխարհի Ախոյեան

Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան Պատմական Աւարտ. Արժանթին Աշխարհի Ախոյեան

Արժանթին Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան, Փենալթիներով` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելով Աշխարհի Գործող Ախոյեան Ֆրանսային Երէկ` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, վարագոյրը իջաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալին, երբ կատարուեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսայի եւ Արժանթինի հաւաքականներուն միջեւ: Երկու կազմերն ալ նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էին երկուքական անգամ, հետեւաբար անոնցմէ մէկը իր մարզաշապիկին վրայ պիտի աւելցնէր աստղ մը եւս: Այդ աստղը...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Վարազդատ Լալայեան`  Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Լալայեան, տղոց 109 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ պրոնզ մետալը, երբ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 461 քկ արդիւնք մը: Հայաստանի հաւաքականին հետ ողիմպիականի փոխախոյեան հանդիսացած Գոռ Մինասեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Պահրէյնի հաւաքականը, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 462 քկ արդիւնք մը, հռչակուեցաւ աշխարհի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Կայծակնային  Ախոյեանութիւն.  Շանթ Սարգսեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Ճատրակ. Եւրոպայի Կայծակնային Ախոյեանութիւն. Շանթ Սարգսեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Սարգսեան, պրոնզ մետալի տիրացաւ Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կայծակնային ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Շանթ Սարգսեան առաւելագոյն 22 կէտէն ապահովեց 17,5 կէտ: Նոյն արդիւնքը արձանագրեցին նաեւ ախոյեան հանդիսացած չեխ Տաւիտ Նավարա եւ լեհ Մացէյ Քլեքովսքի: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռոպերթ Յովհաննիսեան, 16,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 9-րդ դիրքը:  

Կրեթա Վարդանեան` Աշխարհի  Բաժակակիր

Կրեթա Վարդանեան` Աշխարհի Բաժակակիր

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող փարափաուըրլիֆթինկի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Հայաստանը ներկայացուց գիւմրեցի ծանրաբարձ Կրեթա Վարդանեան, որ իրեն մարզիչ ունէր Արտակ Ներսիսեանը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային փարալիմփիք կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Վարդանեան, որ հանդէս եկաւ 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, արձանագրելով 85 քկ, 90 քկ եւ 93 քկ արդիւնք մը (երեք փորձերու ընթացքին), տիրացաւ ոսկի մետալին, ընդհանուր հաշուարկով: Աշխարհի բաժակի...

Մահացաւ Անուանի Ֆութպոլիստ  Եւ Մարզիչ` Սինիսա Միհայլովիչ

Մահացաւ Անուանի Ֆութպոլիստ Եւ Մարզիչ` Սինիսա Միհայլովիչ

53 տարեկան հասակին նախորդ շաբաթավերջին կեանքէն հեռացաւ Թորինոյի, Ֆիորենթինայի եւ Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սինիսա Միհայլովիչ: 2019-ին անոր մօտ յայտնաբերուած էր արեան քաղցկեղ: Ան սկսաւ հետեւիլ յատուկ բուժումի, եւ օրէ օր անոր հիւանդութիւնը սկսաւ նահանջել: 2022-ի գարնան սակայն, դժբախտաբար անոր վիճակը դարձեալ վատթարացաւ: Իբրեւ ֆութպոլիստ ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ա. Էս. Ռոմա եւ...

Պուսքեթց Աւարտեց  Իր Միջազգային Ասպարէզը

Պուսքեթց Աւարտեց Իր Միջազգային Ասպարէզը

Պարսելոնայի 34 տարեկան միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթց, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին` Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: 15 տարուան ընթացքին ան Սպանիոյ հետ կատարեց 143 մրցում: Ան առաջին անգամ ըլլալով Սպանիոյ շապիկը կրեց 2009-ին, երբ 20 տարեկան էր: Սպանիոյ հետ ան 2010-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ ախոյեան, իսկ 2012-ին` Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:    

Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Մարոքի Մէջ

Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մարոքի Մէջ

Իր լուրը քաղելով ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքէն, սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ աշխարհի ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարոքի մէջ, 1-11 փետրուար 2023-ին: Ընդհանրապէս դեկտեմբերին տեղի ունեցող այս ախոյեանութիւնը այս տարի յետաձգուեցաւ Մոնտիալին պատճառով: Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ եւ Հարաւային Ամերիկայի Լիպերթատորեսի բաժակի ախոյեան պրազիլական Ֆլամենկօ մրցաշարքին պիտի սկսին կիսաւարտական հանգրուանէն: Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկան պիտի ներկայացնէ ամերիկեան...

Պասքեթպոլ.  Սթեֆըն Քարի Վնասուածք Ստացաւ

Պասքեթպոլ. Սթեֆըն Քարի Վնասուածք Ստացաւ

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարի, առանց վիրաբուժութեան ենթարկուելու, պիտի կարենայ ապաքինիլ իր ձախ ուսի վնասուածքէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը: 34 տարեկան ամերիկացին վնասուածք ստացաւ Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ բախում ունեցաւ Ճէյլըն Սմիթի հետ: Անոր վերականգնման համար պիտի պահանջուի քանի մը շաբաթ, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «ԷՆ....

Ֆութպոլ. Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց  Սաատ Սաֆա Պարուքին` 4-3 Արդիւնքով

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի Արամուն

Լեռնալիբանանի նահանգի, Դ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ե. խմբակի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ռիատի Արամունի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ, որ մրցում մը նուազ կատարած է, ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, մինչ մրցակից կազմը իր կատարած...

2022-ի Մոնտիալ – Քաթար

2022-ի Մոնտիալ – Քաթար

Վաղը` Ֆրանսա-Արժանթին Աւարտականի Ճակատումը.   Այսօր` Խրուաթիա-Մարոք Երրորդ Դիրքի Մրցումը Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալը, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական հանգրուանի ճակատումը: Այսօր` շաբաթ, 17 դեկտեմբերին պիտի կատարուի երրորդ դիրքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին նախորդ Մոնտիալին փոխախոյեան հանդիսացած` Խրուաթիա եւ այս Մոնտիալին անակնկալ խումբը` Մարոք: Այսօրուան մրցումը, որ պիտի...

Ճատրակ.  Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան`  Սան Փաուլօ Նահանգի Ախոյեան

Ճատրակ. Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան` Սան Փաուլօ Նահանգի Ախոյեան

9-11 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սան Փաուլօ (Պրազիլ) նահանգի ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներու: Տեղի ունեցան ընդամէնը վեց հանգրուանի մրցումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տեւողութիւնը` մէկ ժամ + երեսուն վայրկեան: Պրազիլահայ փորձառու եւ անուանի ճատրակ խաղացող Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան եկաւ տիտղոս մը եւս աւելցնելու իր մրցանակներուն վրայ, երբ հանդիսացաւ Սան Փաուլօ նահանգի ախոյեան` առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ:

Նարեկ Սիմոնեանի  Բացառիկ Նուաճումը

Նարեկ Սիմոնեանի Բացառիկ Նուաճումը

Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ակադեմիային մաս կազմող ֆութպոլիստ Նարեկ Սիմոնեան ճանչցուեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Ֆոր Փլէյըրզ» նախագիծի նոյեմբեր ամսուան «լաւագոյն ուսանող»-ը: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Ֆոր Փլէյըրզ» նախագիծը կը ներկայացնէ ութ բաժինէ բաղկացած մրցանք մը, որուն ընթացքին խաղացողները կ՛ուսումնասիրեն արհեստավարժ ֆութպոլիստի համար կենսական հարցերը` դաշտէն դուրս, եւ արդեօք ինչո՞վ կը զբաղի ֆութպոլիստը արհեստավարժ...

Զիտան Եւս Նկատի Առնուած  Թեկնածուներու Կարգին

Զիտան Եւս Նկատի Առնուած Թեկնածուներու Կարգին

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այժմ մարզիչի փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է` Թիթէի Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը լքելէն ետք: Տեղական թեկնածուներէն բացի, նկատի առնուած են նաեւ արտասահմանեան թեկնածուներ, որոնք համբաւ ձեռք ձգած են մարզիչի իրենց ասպարէզին ընթացքին: Պրազիլական մարզական մամուլին համաձայն, այժմ կը խօսուի նաեւ Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ, ֆրանսացի Զինետին Զիտանի մասին: Ցարդ ոչինչ յստակ է այս ուղղութեամբ, եւ Պրազիլի...

Ռոնալտօ Առանձինն Փորձեր Կը Կատարէ  Իր Նախկին Ակումբի Մարզադաշտին Մէջ

Ռոնալտօ Առանձինն Փորձեր Կը Կատարէ Իր Նախկին Ակումբի Մարզադաշտին Մէջ

Միջազգային մարզական մամուլը կը յայտնէ, ըսելով, որ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ առանձինն փորձեր կը կատարէ իր նախկին ակումբին` Ռէալ Մատրիտի մարզադաշտին մէջ: Ֆութպոլիստը յատուկ արտօնութիւն ստացած է մատրիտեան ակումբէն` իր մարզավիճակը լաւ պահելու համար առանձին մարզուելու «Վալտեպեպաս» մարզադաշտին մէջ, հեռու արքայական ակումբի ֆութպոլիստներէն, որոնք իրենց փորձերը կը կատարեն գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի հետ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռէալ Մատրիտ ներկայիս...

Ռէալ Մատրիտ Ձեռք Ձգեց  Էնտրիք Ֆելիփէի Ստորագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտ Ձեռք Ձգեց Էնտրիք Ֆելիփէի Ստորագրութիւնը

Պրազիլական Փալմէյրասին մաս կազմող 16 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Էնտրիք Ֆելիփէ ստորագրեց սպանական Ռէալ Մատրիտի տոմարներուն վրայ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան Ռէալ Մատրիտին պիտի միանայ 2024-ի ամրան, երբ դառնայ 18 տարեկան: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027` զայն յաւելեալ երեք տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ: Էնտրիք Ֆելիփէով մօտէն հետաքրքրուած էին նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Չելսի: Անոր փոխանցման արժէքը...

Page 340 of 1280 1 … 339 340 341 … 1,280

Արխիւներ