Յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մտադիր չէ հեռանալ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբէն, այս մասին յայտնեց «Մարքա»-ն:
Ըստ աղբիւրին, 37 տարեկան ֆութպոլիստը չի նախատեսեր աւարտել իր միջազգային ասպարէզը ազգային հաւաքականին հետ:
Անոր շրջապատը կը նշէ, որ Ռոնալտոյի նպատակը 2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցիլն է:
Նշուեցաւ, որ Փորթուգալի` 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականէն դուրս մնալը Ռոնալտոյի համար անոր ասպարէզին ամէնէն տխուր պահերէն մէկը հանդիսացաւ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռոնալտօ շուտով պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա եւ դեկտեմբերի վերջը մաս կազմէ Նասըր խումբին:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, Ռոնալտօ սէուտական խումբին հետ պիտի կնքէ պայմանագրութիւն մը` մինչեւ 30 յունիս 2025, տարեկան 200 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:


