Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ դնելու իր միջազգային ասպարէզին` Ֆրանսայի ազգային հաւաքականին հետ:
35 տարեկան Պենզեմա ազդրի վնասուածքի պատճառով չկրցաւ լաւապէս ապաքինիլ եւ իր մասնակցութիւնը բերել Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին:
Ան պիտի մասնակցէր աւարտական մրցումին, սակայն չընդունեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրաւէրը` նկատի ունենալով, որ լարուած յարաբերութիւններ ունէր ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշանի հետ:
Նշենք, որ Ֆրանսա չկրցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ` աւարտականին պարտութիւն մը կրելով Արժանթինէն:


