Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Ռիատի Արամունի դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Ղասսան Տալպանի:
Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր պարտութիւնը, յաղթանակի մը եւ հաւասարութեան կողքին, մինչ մրցակից կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը:


